Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի գիրքի ներկայացում Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի գիրքի ներկայացումը, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպումով:
Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի գիրքը նուիրուած է 1988-1991 թուականներուն Ատրպէյճանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն՝ «Ոչ Մի Տեղ. Աքսորի Պատմութիւն» խորագրով:
Ձեռնարկին ներկայ եղած է ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Բելիգիայի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, Պելճիքայի հայ համայնքի եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նկար – Ձախէն՝ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Եւրոխորհրդարանի անդամ Էլէնի Թէոխարուս, Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթ, Գասպար Կարապետեան