«ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

(Ազատ Օր) “Կարեւորը այն է, որ Եւրոպան այլեւս կը խօսի ԼՂՀ «տէ ֆաքթօ» գոյութիւն ունեցող պետութեան մը մասին, որ հոն է, կը զարգանայ, կը ստեղծագործէ, ժողովրդավար կարգերով պետականութիւնը օրէ օր աւելի կ’ամրապնդէ, եւ ի պահանջեալ հարկին ունի նաեւ կարելիութիւնը պահպանելու իր անկախութիւնը, դիմագրաւելով բոլոր տեսակի սպառնալիքները”

Հայ Դատի մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման գործընթացին, թուրք-ազերիական հակաքարոզչութեան եւ հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:

Կարճ ժամանակ առաջ, ուրախութեամբ հաղորդակից դարձանք Արցախի անկախ պետութեան հանգամանքը ճանչնալու արշաւին մէջ իրագործուած պատմակշիռ որոշումի մը, երբ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ որոշեց բանաձեւ յղել ԱՄՆի Քոնկրէսին ու նախագահին, դիմելով իրենց նաեւ, որպէսզի ճանչնան ու նպաստեն Արցախի Հանրապետութեան: Առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանի ճանաչում ապահովուեցաւ:
Ինչպէ՞ս յաջողուեցաւ, ի՞նչ կը նշանակէ եւ ապագային համար ի՞նչ դուռեր կը բանայ այս որոշումը:

Բացառիկ դէպք մըն է այս որոշումը, մանաւանդ նկատի առած թէ Քալիֆորնիան շատ մեծ նահանգ մըն է, համաշխարհային ճանաչումով եւ համաշխարհային տնտեսութեան առաջին տասնեակին մէջ կը գտնուի (պետութիւններու մակարդակով): Այս հանգամանքները կը նշանակեն թէ ծանր կշիռ ունի Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի որոշումը, Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու, ինքնորոշման իրաւունքին տիրանալու եւ անկախ պետութեան հասկացողութեամբ հաստատուելու ճամբուն վրայ:
Անշուշտ որ կարեւոր նախընթաց մըն է, որպէսզի այլ նահանգներու մէջ եւս նման բանաձեւեր յաջողուին: Վստահ եմ, որ մօտ յառաջիկային կ’ունենանք շատ լաւ նման լուրեր:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ իր շրջանային յանձնախումբերը շատ կարեւոր եւ ծրագրուած աշխատանքէ յետոյ, յաջողած են ամբողջութեամբ տիրապետել Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, նահանգային իմաստով: Նոր խոչընդոտը որ եկաւ աւելնալու վերջին շրջանին, ազերիներու ներկայութիւնն էր եւ Թուրքիոյ դեսպանութեան յաւելեալ աշխուժացումը, որ կ’ընդարձակուէր նաեւ իրենց գաղութային գործօններու օգտագործման: Հակառակ սակայն ճնշումներուն եւ իրենց ճիգին՝ մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերը կարողացան հակազդել: Փաստը ունեցանք, երբ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը փորձեց բաւական նահանգներու մէջ «Խոճալուի ցեղասպանութեան» մասին բանաձեւ անցնել, մեծ ճիգ ներդնելով եւ ամբաստանելով հայկական կողմը որպէս նախայարձակ կողմ, ուր սակայն մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերը կարողացան այդ բոլորի մեծ մասը չէզոքացնել եւ նման նախաձեռնութիւններ չարտօնել:

Եւրոպայի համար ի՞նչ կը նշանակեն ԱՄՆի մէջ ձեռքբերուած յաջողութիւնները:

Կարեւոր է Եւրոպայի մէջ օգտագործել ԱՄՆի մէջ առնուած որոշումները, ցոյց տալով որ երբ Քալիֆորնիոյ նման մեծ եւ ծանրակշիռ նահանգ մը, որ ի վերջոյ Եւրոպական շատ մը երկիրներէ աւելի մեծ է թէ՛ իր տարածքով թէ՛ բնակչութեամբ եւ թէ՛ տնտեսական իր կարողութիւններով, օրինակելի եւ յառաջդիմական որոշումով մը կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն, աւելի շեշտակի կը դառնայ եւրոպական տարածաշրջանէն ներս եւս քաղաքային կամ նահանգային խորհուրդներու նման բանաձեւերու ապահովումը: Անշուշտ Եւրոպայի մէջ տարբեր է տուեալ դաշտը, քանի որ ԱՄՆի մէջ նահանգները շատ աւելի ազատութիւն ունին եւ անկախ ձեւով կը գործեն, երկրի կառավարութենէն անդին:

Նոր կայացած Եւրոընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ, ինչպիսի՞ հնարաւորութիւններ կը տրուին մեզի, յառաջ տանելու համար մեր հարցերը:
Կան երկիրներ ո՞ւր աւելի դիւրաւ կարելի է այդ մէկը ընել:

Չկան դիւրին կամ դժուար երկիրներ: Ամէն երկիր իր շահերը ունի եւ այդ ուղղութեամբ կը վարէ իր քաղաքականութիւնը: Օրինակը Յունաստանն է: Յոյն ժողովուրդը կը նկատուէր եւ կը շարունակուի նկատուիլ, մեր կողքին դարերէ ի վեր գտնուած ամէնամօտիկ ժողովուրդներէն մէկը, որ միշտ բարեկամական կապեր ունեցած է, անցեալէն մինչեւ Հայաստանի դժուար օրերուն, 90ական թուականներուն, երբ օգնութեան ձեռք երկարեց Հայաստանի: Ներկայիս Յունաստանի սպայից վարժարանին մէջ մօտ 20 տարի է որ իրենց ռազմական ուսումը կը ստանան Հայաստանի բանակի սպաները, շրջանաւարտներու շատ մեծ թիւ մը պատրաստած ու փոխանցած ըլլալով հայկական բանակին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ վերջին տարիներուն տարուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, նաեւ պատերազմական դպրոցին մէջ հայ ուսանողներ կ’ընդունուին, որոնց կը փոխանցուի յունական փորձառութիւնն ու գիտելիքները, որ իսկապէս շատ բարձր մակարդակի վրայ են:
Բայց քաղաքական կեանքին մէջ այսօր կը տեսնենք ներթափանցման ջանքերը, որ կը տանի Ատրպէյճանը: Յունաստանի տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով, բնական կազի տարածման պատասխանատու ընկերութիւնը գնելով, TAP խողովակաշարի Յունաստանէն անցնելու ծրագիրը օգտագործելով ու մեծագումար ներդրումներով՝ յաջողած է մտնել Յունաստանի շուկայ: Յունաստան կարճ ժամանակի համար որոշ առաւելութիւններ կրնայ քաղել այս համագործակցութենէն, ներդրումներու եւ աշխատատեղերու առումով, այսուհանդերձ, երկար վազքի վրայ, խորապէս քննելի են «առաւելութիւնները», որ կ’ակնկալուին այս գործընթացներէն:
Եւ այսօր այդ ներթափանցումը արդէն սկսած է:
Պրիւքսելի մէջ մենք կը հետեւինք հարցերուն, գործակցելով Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ: Կը տեսնենք, թէ Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը կը փորձէ քաղաքներ այցելել եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ բանաձեւեր ապահովել: Անշուշտ չէ կարողացած, որովհետեւ միշտ հակազդեցութեան հանդիպած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, բայց չի բաւեր նշելի պարագայ մը ըլլալէ, մանաւանդ որ մի քանի տարի առաջ, ազերի ոեւէ դեսպան չէր համարձակեր Յունաստանի մէջ նման բան ընել:
Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ մենք նոյնանման աշխատանք տանելու պարտականութիւնը ունինք, փորձելով ապահովել բոլորի բնականոն եւ լաւ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, ապահովել ներդրումներ իրենց երկիրներուն կողմէ Հայաստանի մէջ, ապահովել ցեղասպանութեան ճանաչումներ, այն երկիրներէն որոնք պաշտօնական յայտարարութիւն չեն հրապարակած, կամ վերահաստատումներ՝ արդէն ընդունուած բանաձեւումներու: Այս իմաստով մենք մնայուն գործակցութեան մէջ ենք Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի բոլոր տեղական յանձնախումբերուն հետ:

Արցախի անկախ պետութեան հաստատման հանգամանքին մէջ իւրայատուկ էր անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին ԼՂՀ նախագահի եւ իր պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութիւնը Պրիւքսել եւ Եւրոխորհրդարան: Ի՞նչ ազդեցութիւններ ունեցաւ այս կազմակերպումը:

Մենք յաջողեցանք Եւրոպայի մէջ պատմական իրագործութիւն մը ստեղծել, ինչ կը վերաբերի Արցախին: Այդ ծիրէն ներս են այցելութիւնները որ կ’ըլլան, Եւրոխորհրդարանի բարեկամութեան խումբին կողմէ. անցեալ տարի, Ապրիլ 24ին օրը, եւրոերեսփոխաններու պաշտօնական այցելութիւն կարողացանք յաջողցնել Երեւան, ապա նաեւ Արցախ, լուրջ գլխացաւ պատճառելով Ատրպէյճանին:

Ձախէն՝ Գասպար Կարապետեան (Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու), Էլէնի Թէոխարուս (Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խմբի նախագահ), Զոզեֆ Դոլ (Եւրոխորհրդարանի Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան նախագահ), Բակօ Սահակեան (ԼՂՀ Նախագահ), Արամ Ա. (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս), Յովիկ Աբրահամեան (ՀՀ ԱԺ խոսնակ), Աւետ Ադոնց (ՀՀ դեսպան -Պելճիքա), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ)
Ձախէն՝ Գասպար Կարապետեան (Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու), Էլէնի Թէոխարուս (Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խմբի նախագահ), Ճոզեֆ Տոլ (Եւրոխորհրդարանի Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան նախագահ), Բակօ Սահակեան (ԼՂՀ Նախագահ), Արամ Ա. (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս), Յովիկ Աբրահամեան (ՀՀ ԱԺ խոսնակ), Աւետ Ադոնց (ՀՀ դեսպան -Պելճիքա), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ)

Արցախի պետութեան հետ գործակցաբար, ազատագրութեան շարժումի 25ամեակին առիթով, յաջողեցանք միջազգային գիտաժողով մը կազմակերպել «Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը. Կիւլիստանէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթով եւ անուանի ու հեղինակաւոր գիտնականներու, իրաւագէտներու, պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, լրագրողներու մասնակցութեամբ: Նման ներկայութիւններ եւ իրենց կողմէ Արցախի մէջ արտասանուած խօսքերը՝ ամրապնդեցին Արցախի անկախութիւնը: Անոնք տեսան թէ ժողովրդավարօրէն կազմակերպուած եւ այսօր արագ զարգացող երկիր մըն է Արցախը, որ ոչինչ կը զիջի շատ մը եւրոպական երկիրներու առջեւ:
Անկէ զատ, անցեալ տարի Հոկտեմբերին կազմակերպեցինք Եւրոպահայութեան Գ. համագումարը, Պրիւքսելի մէջ: Ներկայ եղան ԼՂ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը (ներկայիս՝ վարչապետ), ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը: Օրին անդրադարձանք լայն լրատուութեամբ: Բայց կ’ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութիւնը Եւրոխորհրդարանէն ներս, եւ նշանակալիօրէն ուղղուած իր խօսքերը՝ «թէ Արցախը կայ ու կը մնայ»: Ան իր ելոյթը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի մէջ, իր կողքին ունենալով Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ճոզեֆ Տոլը:
Կարեւոր ու նշանակալի էր Արցախի նախագահին ներկայութիւնը Եւրոխորհրդարան, ուր առաջին անգամն էր որ մուտք կը գործէր չճանչցուած երկրի մը նախագահը: Շարք մը հանդիպումներ իրագործուեցան եւրոերեսփոխաններու եւ Պելճիքայի ծերակուտականներու հետ, բոլորը բացայայտուած եւ ծանրակշիռ ձեւով: Նոյն օրերուն, Ատրպէյճանի դեսպանը անձնապէս հեռաձայնեց բոլոր երեսփոխաններուն, խնդրելով որ հանդիպումները չկայանան, առանց որեւէ արդիւնքի հասնելու անշուշտ: Կարեւորը այն է, որ Եւրոպան այլեւս կը խօսի «տէ ֆաքթօ» գոյութիւն ունեցող պետութեան մը մասին, որ հոն է, կը զարգանայ, կը ստեղծագործէ, ժողովրդավար կարգերով պետականութիւնը օրէ օր աւելի կ’ամրապնդէ, եւ ի պահանջեալ հարկին ունի նաեւ կարելիութիւնը պահպանելու իր անկախութիւնը, դիմագրաւելով բոլոր տեսակի սպառնալիքները:
Դրական այս քայլերն ու մթնոլորտը իւրովի կը նշանաւորեն Արցախի ճանաչման գործընթացի աշխատանքները, որ արդէն ընթացքի մէջ են եւ պէտք է շարունակուին համբերութեամբ, պաղարիւնութեամբ եւ ծրագրուած քայլերով, հասնելու համար ցանկալի արդիւնքին:

Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու նոր մարմիններու կազմութեան յառաջացաք:

Այո: Ծրագիր մը ունէինք, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընդլայնենք մեր ցանցը: Կային գաղութներ, ուր կազմաւորուած յանձնախումբեր կը գործէին արդէն երկար ատենէ: Բայց Եւրոպան այլեւս տարբեր է, կան գաղութներ ուր գործելու մեծ դաշտ կայ: Այսպէս մեր առաջին յանձնախումբը Ռումանիոյ մէջ հիմնուեցաւ, որ մեր ամէնէն հին գաղութներէն մէկն է: Ռումանիոյ պետականութեան հիմքին մէջ ինչպէս նաեւ երկրի տարբեր բնագաւառներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են հայերը: Ռումանիոյ մէջ գաղութ մը ունինք որ պահած է իր հարստութիւններն ու սկըզբունքները, բայց ընդհանրապէս չէ կատարած քաղաքական աշխատանք: Չմոռնանք նաեւ թէ Եւրոպական Խորհրդարանէն եւ այլ համաեւրոպական կազմակերպութիւններէ ներս Ռումանիա ներկայութիւն ունի, բայց նաեւ մեզի հանդէպ ընդհանրապէս բացասական կեցուածքով: Նշելի է նաեւ թէ Պուքարէսթի մէջ տեղադրուած են Հայտար Ալիեւի եւ Մուսթաֆա Քեմալի արձանները: Այս իմաստով քաղաքական աշխատանքի կարիքը կար: Անդրադառնամ նաեւ թէ՝ ունեցանք եւ ունինք Թեմի առաջնորդ Տաթեւ Սրբ. Եպսկ. Յակոբեան-Մուրատեանի անսա- կարկ զօրակցութիւնը:
Երկրորդը՝ Լեհաստանն էր, որ ան ալ պատմական գաղութ մըն է. նախկին արեւելեան պլոքի ամէնամեծ եւ ամէնազդեցիկ երկիրն է, որ հետաքրքրուած է մեր տարածաշրջանով: Հին գաղութը ձուլ-ւած էր, սակայն ներկայ պայմաններուն տակ 5-6000 տեղացի հայեր կան, որոնց ազգանունները կրնան հայկական չըլլալ, բայց ամբողջ հոգիով կը յայտարարեն որ հայ են: Անոնք մեծ ուժականութիւն ունին եւ կարողացած են տիրանալ 1000-1500 տարիներ առաջ ունեցած հարստութիւն-կալուածներու: Կայ նաեւ Հայաստանէն գաղթած հայրենակիցներու թիւ մը:
Երրորդ յանձնախումբը՝ Աւստրիոյ մէջ հաստատեցինք, եւ վերջերս ալ Շուէտի մէջ: Երիտասարդ տարրերէ կազմուած մարմիններ են, իսկ Աւստրիոյ պարագային արդէն իսկ աշխատանքի արդիւնքները երեւելի են:
Մեր տնտեսական կարողութիւնները շատ սահմանափակ են, մեր դէմ են թուրքերը եւ ազերիները, որոնք առանց հաշիւ ընելու միլիոններ կը ծախսեն, բայց մենք ալ ունինք նուիրեալ հայրենակիցներու եւ անշուշտ ՀՅԴ Բիւրոյի զօրակցութիւնը, որոնց ներ-դրումներով կը կարողանանք աշխատանք ծաւալել:

Նախորդ երկու տարուան ընթացքին ականատես եղանք Քրտական միութիւններու հետ ձեր ունեցած շփումներուն: Ճիշդ ի՞նչ կը նպատակադրեն նման շփումներ:

Մենք հանդիպումներ ունեցանք Թուրքիոյ քըրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP)ի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ։
Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ։

Պրիւքսելի մէջ 10 տարիէ իվեր իրենք կ’ունենան իրենց տարեկան խորհրդաժողովը Եւրոխորհրդարանէն ներս: Վերջին տարիներուն ակտիվօրէն ներկայ եղած ենք իրենց կազմակերպումներուն, Ուաշինկթընի մէջ, Պրիւքսելի, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննելու նպատակով:
Այս բոլոր նախնական աշխատանքները կատար-ւած էին եւ ժամանակը հասունցած էր, որպէսզի աւելի լաւ սկսինք ճանչնալ քիւրտերը, այս իմաստով ալ ընդառաջեցինք իրենց կողմէ ստացուած հրաւէրին, ներկայ ըլլալու Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն որպէս դիտորդ:
Եռանդամ պատուիրակութեամբ մը՝ բաղկացած Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէնուհի Վերա Եագուպեանէ, Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Պետրոս Պետրոսեանէ եւ ինձմէ՝ այցելեցինք Վան, մեզի վստահուած պարտականութիւնը կատարելու համար:
Ըսեմ, որ Վանի քաղաքը եւ նահանգը շատ մեծ նշանակութիւն ունին Թուրքիոյ համար, այդպէս ալ Էրտողան իր վերջին նախընտրական ելոյթը ծրագրած էր Վանի մէջ, ուր սակայն թէժ մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ ոստիկանութիւնը կրակած եւ ծանրօրէն վիրաւոր էր BDP-ի երիտասարդներէն մէկը: Երբ հասանք օդանաւակայան, այս մթնոլորտին մէջ գտնուեցանք:
Յաջորդ առաւօտ սկսաւ մեր ծրագիրը: Մեզ առաջնորդեցին Վանի մէջ BDPի շէնքը, ուր հանդիպեցանք նոյն առաքելութեամբ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն ու Իտալիայէն ժամանած պատուիրակութեանց անդամներուն:
Կը կրկնեմ, թէ BDP կուսակցութեան կողմէ հրաւիրուած էինք, այսպէս պաշտօնական դիտորդի լրիւ իրաւասութիւնները չունէինք: Բայց եւ այնպէս մեզմէ կ’ակնկալուէր լուրջ քննարկում եւ աչալուրջ հսկողութիւն ընտրական համակարգին վրայ: BDP-ի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Նազմի Կիւլ մեզի բացատրեց մեր պարտաւորութիւնները: Որպէսզի հասկնալի ըլլան ընտրական օրէնքի նրբութիւնները, հանդիպեցանք փաստաբաններու միութեան նախագահին հետ, որ յօդուած առ յօդուած մեզի պարզեց օրէնքի մանրամասնութիւնները, որպէսզի կարողանանք լրիւ օգտագործել մեր իրաւունքները եւ հսկել ընտրութիւններու կազմակերպման:

Ինչպիսի՞ պայմաններու հանդիպեցաք Վանի մէջ:

Մեր հասարակական-քաղաքական հանդիպումներուն ընդմէջէն բաւական հետաքրքրական փորձառութիւն ձեռք ձգեցինք, տիրող ընկերային պայմաններուն վերաբերեալ: Հանդիպում մը ունեցանք հասարակական կազմակերպութեան մը հետ, որ կը զբաղի ներքին գաղթականներու հարցով: Ներքին գաղթականները յառաջ կուգան այդ գիւղերէն, կամ թրքական բանակին կողմէ բնաջնջուող քաղաքներէն, որոնց համար այս մարմինը տուն, ապրուստ կ’ապահովէ:
Մէկ այլ մարմնոյ ալ գործունէութեան հաղորդակից դարձանք, որ Տիկնանց Միութիւն մըն էր, բայց բնաւ պէտք չէ շփոթել մեր հասկցած միութիւններուն հետ: Երկու սեռերու հաւասարութիւնը պարտաւորիչ հանգամանք ըլլալով, կուսակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ համանախագահութիւն կը կիրարկուի՝ մէկ այր եւ մէկ կին, հաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով կը վարեն նախագահի պաշտօնը: Առաջին անգամ ըլլալով այս քաղաքապետական ընտրութիւններուն ալ կիրարկուեցաւ համանախագահութեան սիսթեմը:
Կիներու իրաւունքի անարգումը շատ մեծ յանցանք է եւ շատ խիստ էին այդ ուղղութեամբ: Եթէ տուներուն մէջ բռնութեան արարքներ գործուին կիներու եւ աղջիկներու դէմ, լուրջ հետեւանքներ նախատեսուած են յանցագործին համար, որու հանդէպ շատ խիստ ու պատժական վերաբերմունք կ’ունենան: Կիները իսլամ երկիրներու մէջ ապրող մնացեալ կիներու բաղդատմամբ մեծ տարբերութիւն ունին: Մեզի համար, որ ժողովրդավար եւ մարդոց իրաւունքներու յարգման հասարակարգի մը մէջ կ’ապրինք, կրնան շատ բաներ պարզ թուիլ: Բայց մէկ աւելի հասկնալի է թէ Թուրքիոյ պէս երկրի մը մէջ ինչպիսի պայքար պէտք է տանիլ՝ պահպանելու համար հաւասարութեան սկզբունքները:

Ինչպէ՞ս ընթացան ընտրութիւնները:

Մեզի վստահուած էր Իփէքիօղլուի շրջանը: Հոն պատիւի հարց էր ԱՔՓ եւ BDPի համար թէ ով պիտի շահի: Շրջանը կը բնակին ազատամարտիկներու զոհուած ընտանիքներ կամ իրենց գերդաստանները՝ այսպէս յայտնի էր թէ երկուքն ալ վճռած էին շահելու այդ շրջանը: Հիմնական պայքարը ուրեմն Իփեքիօղլուի մէջ էր: Վանի նահանգին մէջ 14 քաղաքապետ պիտի ընտրուէր: Նախապէս ԱՔՓ՝ 11 քաղաքապետներու պաշտօն շահած էր շրջանէն ներս:
Առաջին մեր հանդիպումը Իփէքիօղլուի թեկնածու տիկին Այկիւլ Պիտաւի հետ եւ պարոն Վէյսել Քեսերի հետ էր: Իրենց ընտրական կեդրոնական շտապի մէջ հանդիպեցանք: Տիկին Այկիւլ մեզի յայտնեց, թէ ինք ծագումով հայ է՝ հօրը եւ մօրը կողմէ, եւ նաեւ երեք բառ կը յիշէր «Յանուն հօր եւ որդւոյ»: Շատ յուզական մթնոլորտ ստեղծեց իր այս բացայայտումը: Մեզի համար անակնկալ չէր տեսնել այսքան շատ մարդ, որ կուգար եւ կ’ըսէր թէ հայկական ծագում ունի: Նոյնը մեզի պատահած էր Եւրոպայի տարածքին, քիւրտերու հետ մեր հանդիպումներուն ժամանակ, երբ շատ-շատեր կը մօտենան ու կը խոստովանին թէ հօր, կամ մօր կողմէ հայկական ծագում ունին:
Շատ հիմնական է իրենց համար այս բացայայտումը: Իսկ իրենց ղեկավարութիւնը միշտ կը շեշտէ, թէ մեղսակից կը զգան իրենց անցեալի մասին: Բայց կուտան հետեւեալ բացատրութիւնը, թէ անոնք որ գործիք դարձան թուրքերուն ձեռքը, նոյնը կը շարունակեն ընել այսօր ալ: Կրօնքի եւ աւազակութեան պատճառներով է, որ քիւրտ զանգուած մը գործիք դարձաւ սուլթաններուն ձեռքը: Հաստատելի է թէ բազմիցս ներողութիւն խնդրած են եւ յիշեցնեմ որ Հոլլանտայի մէջ իրենց աքսորեալ խորհրդարանը, ասկէ մօտաւորապէս 15 տարի առաջ, առաջին խորհրդարաններէն եղաւ որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Երկու քաղաքապետական թեկնածուները ընկերացան մեզի եւ սկսանք այցելել Իփեքիօղլուի շըրջանները: Մեր հետ էր նաեւ Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայա: Մինչեւ ուշ գիշեր շրջեցանք կեդրոնները, ուր բոլոր խօսողներուն կողմէ կը նշուէր մեր ներկայութիւնը, ըսելով թէ եղբայրաբար կ’ընդունին մեզ, խոր գիտակցումով թէ մենք հոս ապրած ժողովուրդ ենք եւ իրաւունք ունինք այս հողերուն վրայ: Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափահարութիւններով, յուզումի մթնոլորտի մէջ կ’ընդունէր այս յայտարարութիւնները:
Վերջին հաւաքին եկաւ Էօզտալ Իւչեքը, որ Վանի երեսփոխան է եւ Վանի նահանգի կուսակցութեան պատասխանատուն: Իրմէ խնդրեցինք Աղթամար եւ Վարագայ վանքը այցելել: Ես անձնապէս խնդրեցի Այգեստանն ալ տեսնել: Շատ մը տեղերու մէջ հակառակ որ անունները փոխուած են թուրքերուն կողմէ, իրենք կը շարունակեն գործածել հայկական պատմական անունները:
Հիւրասիրութիւնը այնքան ջերմ էր, կարծես մենք տարիներով ապրած ըլլայինք իրենց հետ:
Գացինք շատ տեղեր: Հասանք նաեւ Կեվաշ ըս-ւած գիւղը, ուր ԱՔՓ մեծ տարբերութեամբ առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը գտնուէր նախապէս: Շատ մեծ թիւով մարդ ընդունեց մեզի իրենց ակումբին մէջ: Հոն ինծի բացայայտուեցաւ, որ Այգեստան կը գտնուէինք արդէն եւ օրուայ բանախօսը բոլորին սկսաւ բացատրել թէ հոս պատմական Այգեստանն է: Տարիքոտ անձ մը 30-40 հայկական տեղանուններ սկսաւ շարել, ըսելով թէ ասոնք հայերուն հողերն են, օրին մէկը պիտի վերադառնան հոս եւ մեր հետ պիտի ապրին: Յուզումի այս մթնոլորտին մէջ, հրաւիրուեցանք խօսք ուղղելու՝ հայերէնով (միաժամանակ քրտերէնի թարգմանութեամբ) իրենց կողմէ շատ մեծ խանդավառութեամբ ընկալուելով :
Յաջորդ օրը ընտրութիւններու օրն էր: Այցելեցինք ընտրական կեդրոնները: Յստակ էր թէ ԱՔՓ անգրագէտ տարիքոտներուն հետ կեղծիքներ ըրաւ: Նման դէպքեր եղան, քուէատուփեր բաց գտնուեցան, եւայլն: Մենք արձանագրեցինք եւ բոլոր պատկան սպասարկութիւններուն ղրկեցինք մեր զեկոյցները:
Արդիւնքը ի վերջոյ չէր այն ինչ որ ԱՔՓն ուզեց: BDP շահեցաւ 12 շրջան: Կորսնցուցին Տուշփա քաղաքը: Այգեստանի մէջ ԱՔՓ շահեցաւ …7ը քուէի տարբերութեամբ, շատ յստակ դարձնելով թէ լայն կեղծիքներ իրագործուած էին այդ վայրէն ներս:

Որքա՞ն զարգացած են այս նահանգները:

Վանը այսօր այդ չէ ինչ որ մէկը հաւանաբար կ’երեւակայէ լսելով Թուրքիոյ տնտեսական հզօրութեան կամ արեւմուտքի կողմէ ներկայացուած պատկերին հիմամբ: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը հիմնուած է թիւերու վրայ: Բարգաւաճ քաղաքներն են Պոլիսը, որոշ չափով Անգարան եւ Միջերկրականի ափերը, մինչեւ Տրապիզոն: Մնացեալ երկիրը, մանաւանդ քրտական արեւելեան շրջաններուն մէջ պատկերը բոլորովին տարբեր է: Վան նահանգին մէջ միայն մէկ գործարան կայ, ան ալ մարմարի գործարան մըն է, որ փակուեցաւ: Ուրիշ չկայ, 1 միլիոն 300 բնակիչ հաշուող նահանգին մէջ…
Ժողովուրդը գիւղատնտեսութեամբ եւ վաճառականութեամբ կը զբաղի: Աղքատութիւն կայ:
Մենք այս երեւոյթները շատ անգամ մատնանըշած ենք եւրոպացի քաղաքագէտներուն, իրենց յորդորելով երթալ ու տեսնել Թուրքիոյ մնացեալ շրջանները, ուր բնակչութիւնը բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ կ’ապրի:

Կառուցողական պիտի նկատէի՞ք ձեր այցելութիւնը եւ հանդիպումները Վան:

Այո, անկասկած: Մեր առջեւ պարզուեցաւ իւրայատուկ պատկեր մը, մանաւանդ տեսնելով իսլամացած հայերու մեծ թիւ մը, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չի բացայայտեր իր ինքնութիւնը: Շատ կարեւոր է ճանչնալ եւ մօտենալ հայութեան այս հատուածին:

Հայութիւնը վերապահութեա՞մբ կը մօտենայ քրտական իրականութեան:

Ընդհանուրին մէջ պիտի ըսէի, որ ոչ բացասական, ոչ ալ խանդավառ պէտք է ըլլանք քիւրտերուն հանդէպ: Քլիշէ կեցուածքները օգտակար չեն: Իրենց վերաբերմունքը ցոյց կուտայ թէ լրջօրէն մտահոգուած են ապագայով: Հայաստանը ռազմավարական իմաստ ունի քիւրտերուն համար, գտնուելով Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Վստահաբար հետաքրքրուած են Հայաստանի եւ հայութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու մասին, որովհետեւ այդ մէկը իրենց շահերէն կը բխի:
Խանդավառութիւնն ալ անշուշտ ներելի չէ, որովհետեւ յայտարարութիւնները եւ ջերմ խօսքերը որեւէ ձեւով չեն ճշդեր յարաբերութիւններու գործնականացումն ու հետագայ ընթացքը: Այդ որ կըրնանք ընել, ըստ իս, յարաբերութիւնները շարունակելն է, փորձել աւելի լաւ հասկնալ, փորձել անկեղծ կերպով մօտենալ հարցերուն, անշուշտ յստակօրէն նշելով թէ մօտեցում ու յարաբերութիւն որեւէ ձեւով չի նշանակեր հրաժարում՝ մեր իրաւունքներէն: Այս մէկը շատ կարեւոր է շեշտել, նշելով թէ պատմութեան հաշւոյն որեւէ զիջում կարելի չէ կատարել: