Վեցամսեայ փորձառական աշխատանք Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն ներս

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ, հնարաւորութիւն ունի մինչեւ 6 ամիս փորձառական շրջանի (internship) աշխատակից ունենալու, Եւրոպական միութեան ծրագրի մը միջոցով:

Թեկնածուները պէտք է ըլլան համալսարանաւարտ, հայերէնի լաւ իմացութիւն ունենան, տիրապետեն համակարգիչի գործածութեան:

Պայման է, որ հետաքրքրուողները Եւրոպական միութեան քաղաքացի ըլլան, կամ ունենան Եւրոպական միութեան մէջ կեցութեան իրաւունք: Այս ծրագրին չեն կրնար մասնակցիլ Պելճիքայի մէջ բնակողները:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար գրել՝ contact@eafjd.eu իմէյլին: