Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Հոլանտայի մէջ‏

Հոլանտայի Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ, Ապրիլ 24, 2014-ին տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկը, նախագահութեամբ Յարութ Պօղոսեանի, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը անմահացնող յուշակոթողը, Քրիսթիան Կելիճիի նուիրատուութեամբ: Ձեռնարկը համակազմակերպուած էր Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն (ստորեւ):
Ներկայ էին շուրջ 2500 հայրենակիցներ Հոլանտայէն եւ շրջակայ երկիրներէն, Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, որ ընթերցեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի պատգամը, ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ներկաձացուցիչը, որ ընթերցեց քաղաքապետին պատգամը, իսկ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի օրհնութիւնը: Ներկայ էին նաեւ Հոլանտայի խորհրդարանի երեսփոխաններ, Փիթըր Ոմզիխթ, Հարի ֆան Պոմըլ, եւ Եոէլ Ֆոորտըուինտ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր պայքարին, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման կապուած կարգ մը նախաձեռնութիւններ յայտարարեցին: Ալմելոյի եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Կելիճի նաեւ ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ: Փակման խօսքին ընթացքին, Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնացումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեան յատկապէս նշեց հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնը, շարունակելու մեր արդար պայքարը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի պատգամին վիտէոյի յղումը.

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ
Պրիւսել, 25/04/2014

Գասպար Կարապետեանի խօսքը

ԱԼՄԵԼՕ, 24 ԱՊՐԻԼ 2014
ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

99 տարիներ առաջ արիւնարբու Թալեաթը կը յոխորտար թէ՝ ինք յաջողեցաւ ընել շատ կարճ ժամանակի մէջ, այն որ տասնեակ տարիներով չկարողացաւ ընել Ապտիւլ Համիտը, բնաջնջելով հայութիւնը եւ շեշտելով թէ՝ հայու կերպար պիտի տեսնուի այլեւս միայն թանգարաններու մէջ: Քանի մը տարիներ ետք Թալեաթն ու իր նոյնքան արիւնարբու գործընկերները, ստացան իրենց արդար պատիժը հայկական նեմեսիսի ձեռքով: Հայ ժողովուրդը սակայն, այսօր ներկայ է: Ունինք անկախ Հայաստան եւ ազատագրուած Արցախ: Հայ ժողովուրդը նաեւ այսօր ներկայ է ի սփիւռս աշխարհի: Հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասնիկը, Հոլանտայի մեր համայնքը, այսօր կը կատարէ բացումը յուշակոթողի մը՝ որ պիտի յիշեցնէ մարդկութեան 99 տարիներ առաջ կատարուած ցեղասպանութեան ոճիրը: Պիտի յիշեցնէ Թուրքիոյ թէ հայութիւնը միշտ ներկայ է եւ պահանջատէրը իր իրաւունքներուն: Պէտք է ու պիտի յիշեցնէ մեզի եւ ալ աւելի մեր երիտասարդութեան, թէ մեր պայքարը փշոտ ճանապարհներէ կ’անցնի, դիւրին պայքար չէ, սակայն եթէ մենք բոլորս զգաստ ըլլանք եւ գերադասենք ազգայինը անձնականին՝ մենք կրնանք լաւատեսութեամբ յառաջանալ դէպի մեր ապագան:

Որքան ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը մօտենայ, այնքան կը սկսին ամէնուրէք հայութիւնն ու մեր բարեկամներն ու արդարութիւնը սիրող մարդիկ, բազմապատկել ջանքերը ստիպելու համար Թուրքիոյ ճանչնալու ցեղասպանութիւնը եւ ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը կատարելով հանդէպ հայ ժողովուրդին արդար հատուցումը ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: Պատահական չէ՝ եւ մեզի համար ակնկալելի էր, երէկուայ նման յայտարարութիւն մը Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանէն: Ան՝ անշուշտ նկատի ունենալով 2015-ը, դիմեց ի յառաջագունէ քայլի մը, ապակողմնորոշելու համար միջազգային հանրային կարծիքն ու ծուղակի մէջ ձգելու հայութիւնը: Այսօր անշուշտ այս պատմական պահուն, յարմար վայրը չէ կատարելու վերլուծումներ Էրտողանի յայտարարութեան շուրջ: Արդէն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը անմիջապէս արձագանգեց եւ մենք ալ երէկ գիշեր իբրեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ հրապարակեցինք համապատասխան մամլոյ յայտարարութիւն, որը ղրկուեցաւ նաեւ բոլոր եւրոերեսփոխաններուն եւ Եւրոմիութեան պատկան հաստատութիւններուն: Սակայն՝ այսօր հոս երբ մենք կը կատարենք այս յուշակոթողին բացման արարողութիւնը, որ մեզի պէտք է առաջնորդէ դէպի 2015 եւ ապա նոր թափով շարունակելու աննկուն կերպով մեր պայքարը, կարելի չէ չանդրադառնալ Էրտողանի եւ իր շրջանակներուն մօտ գտնուող հայ թութակներուն՝ որոնք արդէն սկսան ներկայացնել Էրտողանի յայտարարութիւնը իբրեւ հսկայական քայլ մը, երբ ան՝ կը շարունակէ մերժել ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ կը խօսի անորոշ դէպքերու մասին: Այդ հայ թութակները, որոնք ի վերջոյ ոչինչ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ եւ խորքին մէջ կը հետապնդեն իրենց անձնական շահերը, Էրտողանի ջաղացքին մէջ կը ջանան ջուր լեցնել: Սակայն ինչպէս մօտ 10 տարիներ առաջ փորձեցին տխրահռչակ TARC-ի ճամբով (Turkish Armenian Reconciliation Committee) ապակողմնորոշել մեր պայքարը եւ խրամատներ ստեղծել հայութեան մօտ եւ անշուշտ ձախողեցան, այսօր ալ նոյն արդիւնքին պիտի հասնին:

Սիրելի հայրենակիցներ,
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ բոլոր մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերուն անունով, կուզեմ ձեզի վստահեցնել թէ, ինչպէս 124 տարիներ շարունակ մեր կուսակցութիւնը պայքարեցաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանման համար, տալով բիւրաւոր զոհեր այդ ճամբուն վրայ, մենք ալ մեր քաղաքական գործունէութեամբ պիտի շարունակենք տալ մեր առաւելագոյնը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ ի սփիւռս աշխարհի, պաշտպանելու համար, մեր հայրենիքին շահերը, ջանալով բանալ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը, ապահովելու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն իրաւունքներուն յարգումը, օժանդակելու հայութեան ուր որ կարիքը կը զգացուի, ինչպէս այսօր Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ յատկապէս վերջին օրերուն Քեսապի մէջ: Մենք նաեւ բացի կոչ ընելէ մեր ժողովուրդին որ շարունակէ իր աննկուն պայքարը, ստիպելու Թուրքիան ընդունելու իր ոճիրը եւ կատարելու հատուցումները, կոչ կ’ուղղենք նաեւ միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Եւրոմիութեան, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ մարդկաին իրաւունքներու ջատագով, որ ան ալ գործնական կերպով այդ մէկը իրականութեան վերածէ, իր միջոցներով ճնշելով Թուրքիան որ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը: Կը զգուշացնենք նաեւ Թուրքիան թէ՝ որքան ալ որ շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը ամէնուրէք, մինչեւ որ ստիպուի ճանչնալու ցեղասպանութիւնը, ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը եւ անցնելով հատուցման, վերադարձնելու հայ ժողովուրդին այն բոլորը որ խլեց իրմէ մօտ մէկ դար առաջ:

#####