ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱԳԻՐ ԱԹԷՆՔԻ, ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ԵՒ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Ա Թ Է Ն Ք

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 24 ԱՊՐԻԼ 2014
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

Տեղի կ’ունենայ Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» կեդրոնի հրապարակին վրայ
(Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի պարտէզին շուրջ
նորոգութեան աշխատանքներուն պատճառով),
կէսէօրէ ետք ժամը 16:30ին:
Նախագահութեամբ՝ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու,
նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի
եւ կազմակերպութեամբ՝ Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի եւ
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի:

Կը նախագահէ ԴԱՒԻԹ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Տեղի կ’ունենայ դափնեպսակներու զետեղում
Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
ԱԹԷՆՔԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ

Նէա Զմիռնիի մէջ հոգեհանգստին պիտի յաջորդէ ժողովրդային բողոքի ցոյց
դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն:
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան:
Ժողովուրդը Նէա Զմիռնիէն Սինտաղմա պիտի փոխադրուի հանրակառքերով:
Հաւաքավայր՝ Սինտաղմայի հրապարակ, ժամը 18:30ին:

ԿԻՐԱԿԻ 27 ԱՊՐԻԼ 2014

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԵՒ ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

Տեղի կ’ունենայ Աթէնքի Ռազմական թանգարանէն ներս
(Վաս. Սոֆիաս եւ Ռիզարի), առաւօտեան ժամը 10.30ին:

Նախաձեռնութեամբ՝ Աթէնքի մարզպետարանի:
Կազմակերպութեամբ՝ Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի
եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի:

Կը նախագահէ ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Խօսք երիտասարդութեան՝ ՄԱՏԼԷՆ ՊԱԼԱՏԼԵԱՆ

Կը բանախօսէ փրոֆ. ՎԼԱՍԻՍ ԱՂԾԻՏԻՍ
(Թեսաղոնիկէի համալսարանի արդի պատմութեան դասախօս)

Ողջոյնի խօսքեր՝ Հելլէն խորհրդարանի, կառավարութեան,
ՀՀ դեսպանութեան եւ Աթէնքի մարզպետարանի:

ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՐԴԷ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՍԻՆՏԱՂՄԱՅԻ ԱՆԾԱՆՕԹ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆ ԵՒ ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

23 – 27 ԱՊՐԻԼ 2014
Նկարներու ցուցադրութիւն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան

Թ Ե Ս Ա Ղ Ո Ն Ի Կ Է

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 24 ԱՊՐԻԼ 2014
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,
Թեսաղոնիկէի մարզպետարանի, Թաղային Խորհրդոյ
եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութեամբ:

Կը պատարագէ
Գերշ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Ողջոյնի խօսք՝
Թեսաղոնիկէի մարզպետի կողմէ

ԱՐԻՒՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Տեղի կ’ունենայ «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 10:00ին
Կազմակերպութեամբ՝ Հ. Գթ. Խաչի «Անի» մասնաճիւղի

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ԹՐՔԱԿԱՆ
ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան:

ԿԻՐԱԿԻ 27 ԱՊՐԻԼ 2014
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Թեսաղոնիկէի «Վելիտիօ» հանդիսասրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11:30ին

Կը նախագահէ ԱՐԹԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Կը բանախօսէ համալսարանի դասախօս
փրոֆ. ԹԷՈՖԱՆԻՍ ՄԱԼՔԻՏԻՍ
(Ցեղասպանութեանց հետազօտման միջազգային ակադեմիոյ անդամ)

Ողջոյնի խօսքեր՝
Հելլէն խորհրդարանի, կառավարութեան,
ՀՀ դեսպանութեան եւ Թեսաղոնիկէի մարզպետարանի

Ձեռնարկը կը կազմակերպուի
Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ
Թեսաղոնիկէի մարզային իշխանութեան համագործակցութեամբ

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
Քաղաքական ձեռնարկի աւարտին, ժամը 13:30ին
տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ դէպի Երրորդ Զօրաբանակի
Անծանօթ Զինուորի յուշարձանը, ծաղկեպսակներու զետեղման համար:

23 – 26 ԱՊՐԻԼ 2014
Նկարներու ցուցադրութիւն Արիստոտելուս հրապարակ
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան

Ա Լ Ե Ք Ս Ա Ն Տ Ր Ո Ւ Պ Ո Լ Ի Ս

ԿԻՐԱԿԻ 27 ԱՊՐԻԼ 2014

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ալեքսանտրուպոլսոյ Քաղաքապետական թատրոնի սրահ,
առաւօտեան ժամը 11:00ին

Կը բանախօսէ փրոֆ. ԻԱԳՈՎՈՍ ԱՔԾՕՂԼՈՒ
(Թրակիոյ «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի Սեւծովեան երկիրներու բաժնի լեզուաբանութեան, բանասիրութեան ճիւղ)

Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի