Քեսապի հարցով՝ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմեց հելլէն խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբին

Քեսապի դէմ զինեալ յարձակման եւ տեղահանուած հայութեան հարցի մասին ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, նախապէս դասաւորուած ժամադրութեամբ, երէկ Երեքշաբթի 15 Ապրիլին, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գոնսթանտինոս Ցիարասի հետ:

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ Սերգօ Գույումճեան եւ Խաչիկ Խաչատուրեան պրն. Ցիարասի պարզեցին հարցի մանրամասնութիւնները, զինք լաւագոյնս իրազեկելու առումով: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ Քեսապի բնակչութեան ապահովման ու բնակավայր վերադարձի հարցը: Պրն. Ցիարաս քաջատեղեակ էր հարցէն, նախապէս վարած ըլլալով Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարարի պաշտօնը, երբ մօտէն հետեւած էր Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հարցերուն: Յոյն պաշտօնատարի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեան հարցը, դիտել տալով թէ տեղւոյն բնակչութեան դէմ գրգռութիւնները կ’ոտնակոխեն միջազգային օրէնքը եւ մարդկային իրաւունքները:
Նախագահ պրն. Ցիարաս ստանձնեց խորհըրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի լիագումար նիստին ներկայացնել Քեսապի հարցի բոլոր ծալքերը: