Քեսապի հարցով՝ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր հանդիպումները

Քեսապի վրայ յարձակումէն ետք, «Ազատ Օր»ի միջոցաւ հանրութիւնը տեղեակ պահուեցաւ յունահայութեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին ու Երիտասարդական Միութեան կողմէ նախաձեռնուած քայլերուն շուրջ:

Յունաստանի խորհրդարանի
հայ-յոյն բարեկամութեան խմբակցութեան
նախագահին հետ

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը շարունակելով իր հանդիպումները, Երեքշաբթի 8 Ապրիլին, հանդիպում ունեցաւ հելլէն խորհրդարանի հայ-յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիսի հետ, Քեսապէն տեղահանուած հայութեան խնդրին շուրջ զինք իրազեկելու եւ հարցի մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղեկացնելու առումով:
Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբը կը ներկայացնէին ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան եւ ընկ. Ալիս Ֆարաճեան:
Պրն. Գաքլամանիսի հետ զրոյց ծաւալեցաւ քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին եւ Քեսապի բնակչութեան ապահովման ու բնակավայր վերադարձի մասին:

Յունաստանի արտաքին գործոց
նախարարութեան մօտ

Երեքշաբթի 8 Ապրիլին հանդիպում մը եւս կայացաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, ուր Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ՝ ընկ. Յակոբ Աւագեան եւ Խաչիկ Խաչատուրեան ընդունուեցան նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժնի պաշտօնակատար պրն. Մանտելոսի կողմէ: Քեսապի դէմ յարձակումներու եւ հայ բնակչութեան տեղահանման հարցին շուրջ քաջատեղեակ էր յոյն պաշտօնակատարը, որու ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեան հարցը, դիտել տալով թէ տեղւոյն բնակչութեան դէմ գրգռութիւնները կ’ոտնակոխեն միջազգային օրէնքը եւ մարդկային իրաւունքները:

Նկար՝ Խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ՝ Դաւիթ Պետրոսեանի եւ Ալիս Ֆարաճեանի հետ