Նախագահի Թեկնածուներ Նեցուկ Կը Կանգնին Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը դրած վեց ծերակուտականներէն երեքը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան չորս քոնկրեսականներէն երեքը համահովանաւորներ դարձած են յաջորդաբար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն:


Արդարեւ, դեմոկրատ ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ այս շաբաթ որոշեց միանալ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը հովանաւորողներուն։

Նախապէս, դեմոկրատ ծերակուտականներ եւ նախահագի թեկնածուներ Էլիզապեթ Ուուրըն եւ Քամալա Հերիս եւս որոշած էին հովանաւորել այս բանաձեւը։

Պըրնի Սենտըրզ

Նշենք, որ բանաձեւը նեկայացուած էր Նիւ Ճըրզիէն Պապ Մենենտեզի եւ Թեքսասէն Թետ Քրուզի կողմէ եւ ցարդ ունի 18 հովանաւորներ։

Ներկայացուցիչներու տունէն նախագահի թեկնածուներէն Թուլսի Կապարտ, Սեթ Մուլթըն եւ Թիմ Ռայըն կը զօրակցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին։

Թիւ296 բանաձեւը ներկայացուած էր Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ու ցարդ ունի 102 հովանաւորներ։

2020ի նախագահական ընտրութեանց այլ թեկնածու մը՝ Ինտիանայի քաղաքապետ Փիթ Պիւթիճիչ, 3 Յունիսին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին նոյնպէս կոչ ըրած էր «իրականութիւնը ճանչնալու», ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին լրագրողի մը հարցումին։ Ան աւելցուցած էր, թէ պէտք է ուշադրութեամբ ուսումնասիրել պատմութիւնը, մարդկային իրաւունքները յարգող քաղաքականութիւն որդեգրելու համար։

Այս հաւաքին տեսանիւթը դիտելու համար՝ այցելել https://youtu.be/jom-ABXKezY կայքէջը։

asbarez.com