ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հինգշաբթի, Մայիս 9-ին, Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, այցելեց ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու։ Նաեւ, պատուիրակութեան միացած էր Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, իր կողքին ունենալով շրջանի հովիւ Սարգիս Ագթաւուքեանը։ Իսկ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիեան ներկայացուցիչներն էին՝ Արամ Համբարեան (նախագահ), Ճորճ Աղճայեան, Անի Չաղլասեան, Թերեզա Երիմեան եւ Արամ Պալեան (արեւելեան շրջանի պատասխանատու)։
Արծարծուած կարեւորագոյն նիւթերն էին․- Հաշուական տարեշրջանի (Fiscal Year 2020 – FY20) սեմին, Հայաստանի եւ Արցախի կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնները, Արցախի հիմնահարցին գծով՝ կոչ հրաժարուելու «Մատրիտեան Սկզբունքներէն» եւ Սպիտակ Տան կողմէ ճնշման բանեցում՝ որպէսզի Անգարա պատշաճօրէն ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը։

Արտաքին յարաբերական հարցերու խորհուրդի անդամ Ռապըրթ Մենենտէսի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի) հետ կատարուեցաւ երկար խօսակցութիւն, նիւթ ունենալով զանազան բնագաւառներ։
Հայ Դատի պատուիրակութիւնը գնահատեց Մենենտէսի աջակցութիւնը, որ 2018-ի արտաքին օգնութեան օրինագիծին մէջ առաջնահերթութիւն տուած էր «Հալօ Թրասթ» ընկերութեան տրամադրուող օժանդակութեան: «Հալօ Թրասթ»-ը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 2006-էն ի վեր հազարաւոր պայթուցիկ սարքեր ոչնչացուցած է եւ որուն շնորհիւ բազմաթիւ կեանքեր փրկուած են: Այդ աշխատանքը նպաստած է շրջանային կայունութեան եւ մնայուն ու ժողովրդավարական խաղաղութեան հեռանկարին:

Մենենտէս իր կարգին յայտնեց, թէ երախտապարտ է, շեշտելով, որ ականազերծումը կեանքեր կը փրկէ եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հողագործներուն աշխատելու Արցախի մէջ։
Ներկայացուցիչ Ճէֆ Ֆորթընպերիի (Հանրապետական – Նեպրասքա) հետ հանդիպման կիզակէտը, Հայաստանի եւ Արցախի կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնն էր։
Հայ Դատի պատուիրակութիւնը շեշտեց, թէ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդման ծրագիրներուն համար կարելի գումարներ յատկացնել եւ այս ձեռք բերուած յաջողութիւնները կրնան օրինակ հանդիսանալ նոր ծրագիրներ իրականացնելու ջանքերուն, յատկապէս որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի: Պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայացուցիչ Քաթըրին Քլարքի (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց) տեսակցութեան ընթացքին նշեց, թէ շօշափելի գումարի մը ներդրումը յատկանշական պիտի ըլլայ երկրին մէջ չքաւորութեան նուազեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, միաժամանակ` սերտացնելով Ա․Մ․Ն․ – Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները:

Ֆրանք Փալոնի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի) հետ յատկապէս քննուեցաւ իր ներկայացուցած բանաձեւը, որուն նպատակն է ամերիկեան իշխանութիւններուն ստիպել` ջնջել Արցախ մեկնելու եւ ազատ հաղորդակցելու բոլոր սահմանափակումները: Ան անգամ մը եւս, նշեց, թէ այդ սահմանափակումները անիմաստ են։ Անոր կարծիքով` եթէ ամէն ինչ յաջող ընթանայ, ապա երկիրներուն միջեւ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական համագործակցութիւն, սակայն, այնքան ատեն որ կը գործեն ամերիկեան կողմի սահմանափակումները, համագործակցութիւնը անօգուտ է:
Նշենք, թէ վերջերս Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի` կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու գծով տնօրէն Ռաֆֆի Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Փալոն յայտնած էր․ – «Ես միշտ վերադառնալու ցանկութիւն ունիմ: Կ՛ուզեմ, որ Ատրպէյճանի հետ տագնապը լուծուի, եւ Արցախը շարունակէ ապրիլ` իբրեւ անկախ երկիր, կամ` եթէ հանրաքուէ կատարուի, ապա դառնայ Հայաստանի մաս: Սակայն վերջնական նպատակը` Արցախը մնայ հայկական ու ճանչցուի իբրեւ այդպիսին` կա՛մ իբրեւ հանրապետութիւն, կա՛մ իբրեւ Հայաստանի մաս: Ես առհասարակ կը սիրեմ այն ամէնը, ինչ որ հայկական է, եւ Արցախը այս առումով հայկականի մարմնաւորումն է»։
Հուսկ, Ատամ Շիֆի (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) հետ տեսակցութեան ընթացքին, յատկապէս խօսուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին։ Այս գծով, Շիֆ անաչառօչէն պայքարած եւ քարոզչական աշխատանք տարած է։