ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Հայաստանի Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի Հետ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շաբաթ, Յունուար 13ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներ Ճորճ Աղճայեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան մաս կը կազմէին նշեալ պատուիրակութեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները եւ այս տարուան ընթացքին կայացող Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները:

Նշենք, թէ Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ արդէն իսկ նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: Արդարեւ, ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, Մայիս 5-6ին պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը՝ մասնակցութեամբ ակադեմականներու եւ դասախօսներու: Իսկ ՀՅԴ Արեւելեան շրջանը նոյն առիթով գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Մայիս 11-12ին, Նիւ Եորքի «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ:


ARF and ANCA reps meet with Armenian Ambassador

Over the weekend Ambassador Hovhannissian held a very productive meeting with the leadership of the Armenian Revolutionary Federation (ARF) and the Armenian National Committee of America (ANCA). Ambassador and his interlocutors – the ARF Bureau member Mr. Hagop Der Khatchadourian, the chairman of the Central Committee of the ARF Eastern region Mr. George Aghjayan, the chairman of the Central Committee of the ARF Western region Mr. Daron Der-Khachadourian and the Executive Director of ANCA Mr. Aram Hamparian – discussed at length Armenia-US bilateral relations and the role Armenian American community plays in further strengthening them. Plans were discussed to join the efforts to celebrate the upcoming centennial of the First Armenian Republic.