Comment faire évoluer les associations arméniennes ?

Cette question a figuré au cœur de la journée de réflexion et d’échanges qui s’est déroulée ce dimanche 10 décembre à la MCA d’Alfortville.

Une quarantaine de représentants de la FRA et de ses associations sœurs, le CDCA, la Croix Bleue des Arméniens de France, Hamazkaine, le Homenetmen et la FRA Nor Seround, venus de différentes régions de France se sont penchés sur les questions de l’efficacité et de la modernisation de leurs structures et sur les moyens de parvenir à une nouvelle synergie entre elles.

L’accent a été spécialement mis sur les formes d’engagement et de mobilisation, surtout des jeunes, la valorisation des nouvelles compétences au sein de la communauté, la présence locale et nationale de ces organisations, aussi bien dans les communautés anciennes que récemment structurées à travers la France, et enfin sur une meilleure communication autour des actions réalisées pour une meilleure visibilité de ces organisations.

Des ébauches de projets ont été présentées, des pistes d’actions concrètes ont été explorées, et des missions ont été partagées.

Rendez-vous à été donné pour une prochaine journée d’échanges.

Մամլոյ հաղորդագրութիւն. Խորհրդածութիւն մեր միութիւններու ապագային վերաբերեալ

Կիրակի 10 Դեկտեմբերին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ խորհրդածութեան եւ միտքերու փոխանակման միօրեայ հանդիպում՝ Ալֆորվիլիլ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու միութիւններու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներ. Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչ, Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ:

Մասնակիցները քննարկեցին միութենական կառոյցներու գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ եւ արդիական դարձնելու, եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան նոր միջոցներ ստեղծելու կարելիութիւնները:

Շեշտը դրուեցաւ ի մասնաւորի նոր սերունդը յանձնառութեան եւ զօրաշարժի մղելու ձեւերուն, համայնքին մէջ առկայ նոր կարողութիւնները արժեւորելու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ անցեալին թէ վերջերս ձեւաւորուած համայնքներէն ներս սոյն միութիւններու ներկայութեան կարեւորութեան վրայ:

Յատուկ աշխատանքի մը շնորհիւ բարելաւուեցաւ կարգ մը միութիւններու կողմէ իրականացուած կամ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն հաղորդակցութիւնը, զանոնք առաւել տեսանելի դարձնելու նպատակով:

Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան զանազան նախագիծերու առաջարկներ, ուսումնասիրուեցան յստակ աշխատանքներ իրականացնելու ուղիներ, եւ ճշդուեցան առաքելութիւններ:

Ներկաները պայմանաւորուեցան յառաջիկայ խորհրդածական նոր հանդիպումի մը շուրջ:

Ալֆորվիլ, 10 Դեկտեմբեր 2017