Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ «Թեսլա»ի Հիմնադիրին Թուրքիա Այցը

(ԱՍՊԱՐԷԶ) ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտած է ելեկտրական շարժակներող բանող ինքնաշարժներ արտադրող ամերիկեան «Թեսլա» ընկերութեան հիմնադիր Էլոն Մասքի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան նաեւ այցելած էր հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը:

Ըստ «Թայմթիւրք»ի՝ Թուրքիա այցելած Մասքը հանդիպած էր երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Կողմերը քննարկած էին «Թեսլա»ի եւ թրքական ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Մասքի պատկանող «SpaceX»ի միջոցաւ թրքական արբանեակներ անջրպետ հասցնելու հաւանականութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբը իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ այս մասին գրած է հետեւեալը. «Մասք մահացած բռնապետ Աթաթիւրքի հետ իր լուսանկարը հրապարակած է: Մասք՝ կենդանի բռնապետ Էրտողանի հետ»: