Շնորհանդէս` «Հայաստանը եւ Արաբական Խալիֆայութիւնը» Գիրքին Արաբերէնի Թարգմանուած Հատորին

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ արաբական «Ատիէթ» Միութեան, Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանը եւ Արաբական Խալիֆայութիւնը» գիրքին արաբերէնի թարգմանուած հատորին շնորհանդէսը:

Հանդիսութեան ներկայ էին «Աատիէթ» Միութեան եւ արաբ գրողներու համախմբումի անդամներ, Հալէպի Պետական համալսարանի դասախօսներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ Իշխանութեան, Պատկան Մարմնի եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Շնորհանդէսին մասնակիցները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ իրենց յարգանքը մատուցեցին հայ եւ արաբ ժողովուրդներու նահատակներուն: Բացման խօսքով Ճորճ Պապեան լուսարձակի տակ առաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութիւնները:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրիոյ «Ատիէթ» Միութեան նախագահ Մուհամմէտ Քըճճէ` ներկայացնելու բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեանը՝ մտաւորականն ու թարգմանիչը: Պրն. Քըճճէ գնահատեց անոր ժրաջան աշխատանքը, յատկապէս թարգմանական ծիրէն ներս: Բժիշկ Քէշիշեան մաս կը կազմէ Արաբ Գրողներու համախմբումին, անդամ է «Ատիէթ» Միութեան աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր: Վերջին տասը տարիներուն ստանձնած է միութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:

Արաբերէնի թարգմանուած հատորը ներկայացուց Հալէպի պետական համալսարանի դասախօս` դոկտ Ֆայէզ ալ Տայէ: Ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ արաբական խալիֆայութեան մասին պատմող այս հատորը անհրաժեշտ է, որ լրացուի արաբ պատմաբաններու վկայութիւններով, որպէսզի բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն մը ըլլայ:

Գիրքը կը բաղկանայ ինը բաժիններէ, որոնք կ՛ընդգրկեն երեք դարերու պատմութիւն` Մուաուիէի օրերէն մինչեւ Ապասեան Խալիֆայութեան անկումը: Հայաստան, որ սկիզբը բաժնուած է Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ, յիշեալ ժամանակաշրջանին կը դառնայ կռուախնձորը Բիւզանդիոնի եւ Արաբական Խալիֆայութեան: Հեղինակը ներկայացուցած է յատկապէս Հայաստանի տնտեսական կեանքը: Գիրքին վերջին երկու բաժիններուն մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արաբական Խալիֆայութեան մշակութային յարաբերութիւններուն: Ան կը յիշէ այս ժամանակահատուածի դէպքերը, նաեւ արաբ խալիֆաներուն եւ հայ թագաւորներուն անունները: Գիրքը ամբողջական պատկերացում կու տայ յիշեալ երեք դարերու ընթացքին Հայաստանի եւ Արաբական Խալիֆայութեան յարաբերութիւններուն մասին: Գրուած է ռուսերէն, հետեւաբար նպատակը ոչ միայն արաբներուն ներկայացնելն է, այլ ամբողջ մարդկութեան: Գիրքը առիթ կ՛ընծայէ խորանալու յիշուած տեղեկութիւններուն մէջ, բաղդատելով արաբական աղբիւրներուն հետ: Ըստ հեղինակին, հայ-արաբ յարաբերութիւններուն հետեւանքով մօտ 700 արաբերէն բառ ներթափանցած է հայերէնին մէջ: Փոխադարձաբար հայերէն պատմութիւնները եւ բանաստեղծութիւնները տեղ գտած են արաբական մշակոյթին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Տայէ շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեանին այս կարեւոր աշխատանքին համար:

Այնուհետեւ Դալար Փուշմանեան ներկայացուց թարգմանիչ բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեանի կենսագրական տուեալները:

Իր կարգին բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեան նախ արաբ հիւրերուն յայտնեց, որ Հոկտեմբեր ամիսը մեծ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուդին համար, որովհետեւ հինգերորդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի ջանքերով հայերը ունեցան իրենց սեփական այբուբենը եւ զարկ տուին թարգմանական աշխատանքին: Անզուգական իրենց աշխատանքին բերումով հինգերորդ դարը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ դարձաւ Ոսկեդար, իսկ այս աշխատանքին ռահվիրանները սրբադասուեցան: Բժիշկ Քէշիշեան հինգերորդ դարու թարգմանական աշխատանքը նմանցուց իններորդ դարուն Ապասեան Խալիֆայութեան շրջանին տեղի ունեցած թարգմանական աշխատանքին: Նաեւ յայտնեց, որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները ունին չորս հազար տարուան պատմութիւն եւ ծագումով հայեր զգայուն պաշտօններ ստանձնած են պատմութեան տարբեր ժամանակներու ընթացքին: Քէշիշեան պարզեց նաեւ, թէ հայեր ինչպիսի՛ ներդրում ունեցած են արաբական տարբեր երկիրներու մէջ:

Ապա ան ներկայացուց հատորին հեղինակը` Արամ Տէր Ղեւոնդեանը, անոր մասնագիտական աշխատանքն ու ուսումնասիրական վաստակը: Հեղինակ Արամ Տէր Ղեւոնդեան ունի բազմաթիւ գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ՛անդրադառնան հայ-արաբական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի պատմութեան` 7/12-րդ դարերուն: Եղած է ԵՊՀ-ի պատմութեան դասախօս: Պարգեւատրուած է միջազգային շարք մը հաստատութիւններու կողմէ:

Ապա ան անդրադարձաւ Երեւանի Մատենադարանէն ներս հեղինակին զաւկին` Վահանին տարած աշխատանքին, որպէս արաբերէն ձեռագիրներու բաժինի տնօրէն:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, որուն ջանքերով տեղի ունեցաւ այս գիրքին հրատարակութիւնը:

Հուսկ տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակին հատումը: Աւարտին ներկաները ստացան նորատիպ հատորէն օրինակներ:

Պէթի Քիլէրճեան