Հարցազրոյց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ. Մեր գրաւականը ժողովուրդն է՝ Հայ դատի աշխատանքներուն իր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ

(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) – Դուք կը վարէք ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը։ Ինչպէս տեղեկացայ՝ նման պատասխանատւութիւն ստանձնած էք սիրայօժար կերպով եւ բաւական ժամանակ կը տրամադրէք այդ գործին։ Ինչո՞ւ վճարովի չէ այդ աշխատանքը։

– Սխալ չհասկցուելու համար տեղեկացնեմ թէ այդ խորհուրդը Հայ դատի կեդրոնական մարմինն է, որ ստեղծուած է ՀՅԴ բիւրոյի կողմէ եւ որուն հիմնական նպատակը Հայ դատի ռազմավարութեան մարտավարական մօտեցումները ճշդելն է։ Նաեւ այս խորհուրդը առիթ կը ստեղծէ որպէսզի աշխարհով մէկ տարածուած Հայ դատի ցանցերու աշխատանքն ու մշակուած քաղաքականութիւնը համադրուի եւ ընդհանրապէս փորձառութեանց փոխանակում կատարուի։ Ինչպէս որ այս օրերուն տեղի ունեցող Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարի ընթացքին ալ արծարծուեցաւ, պետութիւնները կը խօսին Հայաստանի կամ Արցախի մասին, իսկ մենք՝ (իմա՝ Հայ դատի յանձնախումբերը) մեր բնակած երկիրներու անունով է, որ կ՚արծարծենք մեր դատին առընչուող հարցեր, որպէս պահանջատէր քաղաքացիներ, մա՛նաւանդ Սփիւռքի տարածքին։ Հետեւաբար մեր տարած աշխատանքը պաշտօն չի սեպուիր այն իմաստով որ այս դերին մէջ բոլորս ալ կամաւորներ ենք։ Սակայն մեր գրասենեակները ունին պաշտօնէութիւն։ Մենք ունինք կեդրոնական հինգ յանձնախումբեր, որոնցմէ դուք քաջածանօթ ենք անշուշտ Եւրոպայի յանձնախումբին, որ չորս պաշտօնեայ ունի, Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը վճարովի պաշտօնեայ է, նոյնն է պարագան Միջին Արեւելքի յանձնախումբին, որու պաշտօնեան դարձեալ վճարովի է՝ յանձին Վերա Եագուպեանի, Մոսկուայի գրասենեակն ալ նոյնպէս պաշտօնէութիւն ունի, իսկ Ուաշինկթընի կեդրոնը վեց հոգինոց աշխատակազմ ունի։ Պէտք է ըսեմ թէ մեր բոլոր աշխատակիցներն ալ արհեստավարժ մօտեցումով եւ օրական 24 ժամ Հայ դատով զբաղող եւ մտածող անձեր են։ Ասոնց կողքին իմ եւ մեր խորհուրդի վարչական անդամները կամաւոր կերպով կը համադրեն գործող այդ ցանցերու աշխատանքը։

– Կրնայի՞ք ներկայացնել Հայ դատի ցանցերու գլխաւոր եւ հիմնական գործունէութիւնը։

– Նախ ըսեմ թէ մենք ունինք գրասենեակ եւ յանձնախումբ։ Գրասենեակին մէջ կը գործէ պաշտօնէութիւնը, իսկ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող յանձնախումբերուն մէջ ներառուած են մեր ընկերներն ու համակիրները, որոնք յառաջ կը մղեն Հայ դատի աշխատանքը։ Աւելի քան 35 երկիրներու մէջ կը գործեն Հայ դատի յանձնախումբեր, իսկ շուրջ 10 երիրներու մէջ ալ՝ գրասենեակներ, որոնցմէ հինգը ինչպէս ըսի կեդրոնական գրասենեակներ են, որոնք ուղղակի կապուած են Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդին, իսկ միւսները՝ անուղղակի կերպով, նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւրը իր շրջանի մարմիններու պատասխանատւութեան տակ կը գտնուի։ Եւրոպայի գրասենեակը կ՚աշխատի համաեւրոպական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, Ուաշինկթընի գրասենեակը կը զբաղի ոչ միայն Ամերիկայի քաղաքականութեամբ, այլ նաեւ կը գործէ ընդհանրապէս արեւմտեան աշխարհի կեդրոնական կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ, Միջին Արեւելքի գրասենեակը հակառակ անոր որ Պէյրութ կը գտնուի, լիբանանեան, բայց նաեւ համա-իսլամական եւ համա-արաբական աշխարհի քաղաքական հարցերով կը զբաղի, իսկ Մոսկուայի գրասենեակը ընդհանրապէս Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու Հայ դատի աշխատանքները կը վարէ։

– Դուք ըսիք, թէ զանազան երկիրներու միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու հետ կ՚աշխատիք։ Այդ շրջանակին մէջ ինչպէ՞ս կը ներառուի Հայ դատը։

– Վերջին 25-26 տարիներուն մենք կեդրոնացած էինք հայրենի պետականութեան հզօրացման աշխատանքներուն վրայ, որ կ՚ընդգրկէ Հայաստանն ու Արցախը։ Իսկ Հայ դատի օժանդակութեան այս դաշտը բաւական ընդարձակ է։ Առաջին գլխուն տակ կ՚իյնան Հայաստանի հզօրացումը, զայն արտաքին ճնշումներէն հեռու պահելը եւ մեր ապրած երկիրներու մէջ հայրենիքի համար առաւելութիւններ ստեղծելը։ Արցախի պարագային ասոնց վրայ կ՚աւելնան նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման ապահովումը։ Երկրորդը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումն է, երրորդը՝ հայապատկան հողերու պահանջատիրութիւնն է, ուր թաքուն կամ բացայայտ Հայեր կ՚ապրին, ինչպէս Ջաւախահայութիւնը կամ Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները։ Չորրորդը երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս հայ համայնքներու քաղաքականացման հարցն է։ Այս առումով որպէսզի խօսքէ գործի անցնինք՝ մշակած ենք յատուկ ծրագրեր։ Օրինակ Ուաշինկթընի մէջ ունինք «ANCA Capital Gateway» ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն է՝ ուսումը աւարտած երիտասարդին համար տեղ ապահովել մայրաքաղաքի միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ուր յաջողելու պարագային ան կրնայ հոն մնայուն պաշտօնեայ դառնալ, ինչպէս՝ Միջազգային դրամատան կամ նման այլ հաստատութիւններու մէջ։ Ըսեմ, որ երբ կը խօսինք Հայաստանի ի նպաստ քարոզչական աշխատանքներու մասին, ատիկա միա՛յն քաղաքական դաշտին չի վերաբերիր։ Օրինակ մենք Ամերիկայի մէջ ունինք «Us-Armenia double Tax Treaty» ծրագիրը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ դաշինքներ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի կրկնակի հարկերու հարցը լուծուի։ Այս գործին մէջ բնականաբար դեսպանատունն ալ պատասխանատւութիւն կը ստանձնէ։ Աւելցնեմ, թէ որոշ շրջաններու մէջ մենք նոյնիսկ փոքրաթիւ խումբերով հսկայական աշխատանքներ կրնանք իրագործել, նկատի ունենալով որ անոնց շուրջ ծուարած են քիչ առաջ նշուած յանձնախումբերը, որոնք Հայ դատի կամաւոր բանակը կը կազմեն։ Կրկին Ուաշինկթընի օրինակը բերելով ըսեմ, որ եթէ Ներկայացուցիչներու տան կամ Ծերակոյտի մէջ մեր դատի ի նպաստ որեւէ աշխատանք պիտի տարուի, նախ ընդհանուր ծրագիր մը կը մշակուի եւ կը գործադրուի Ուաշինկթընի մէջ, բայց այդ ուղղութեամբ ամէն մէկ նահանգի մէջ ճնշումներ կը բանեցուին, այս անգամ տեղական յանձնախումբերուն կողմէ, որոնք մեր պատգամը աւելի կը շեշտաւորեն։

– Հայրենի պետութեան հետ ձեր գործակցութիւնը ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուի։

– Մենք կը գործակցինք թէ՛ Հայաստանի դեսպանատուներու եւ թէ՛ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որուն քաղաքական գիծը մինչեւ 2018 թուականը կը մշակէ նախագահը։ Բայց եթէ ներազգային որոշ հարցեր կամ ծրագրեր կան, այդ պարագային կ՚աշխատինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ։
Ըսեմ, նաեւ որ մենք կը կազմակերպենք տարեկան սեմինարներ, ուր արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ներկայացնէ իր առաջնահերթութիւնները, Հայաստանի համար նկատառելի դժուարութիւնները, իսկ մենք ալ՝ մեր գործունէութիւնը։ Այսինքն հոն նախ տեղի կ՚ունենայ տեղեկատուական փոխանակում։ Իսկ ինչ կը վերաբերի համադրումի աշխատանքներուն՝ զանազան հարցերու շուրջ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ստանձնեն իրենց պատասխանատւութեան բաժինը, ինչպէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կամ Հայաստանի հանդէպ թուրք-ազէրական ճնշումները կասեցնելու առընչուող հարցեր։ Իսկ եթէ խնդիր մը կայ որու նկատմամբ նոյն մօտեցումը չունինք, այդ պարագային պարզապէս տեղեկութիւններու փոխանակում կը կատարենք եւ իւրաքանչիւրը իր մեթոտով կ՚աշխատի։

– Ձեր նշած յանձնախումբերու ցանցերը ի՞նչ տարողութիւն ունին եւ որո՞նք կը ներգրաւուին հոն։ Տարիքի սահմանափակում կա՞յ, թէ՝ ոչ։

– Ատիկա կախեալ է անկէ, թէ ո՛ր երկրի մէջ կ՚աշխատինք։ Գանատայի օրինակը բերելով ըսեմ, թէ հոն մենք յանձնախումբեր ունեցած ենք, որոնց անդամները ընդհանրապէս քաղաքական գիտութիւններու ուսանողներ եղած են, կամ ալ այլ ճիւղերու հետեւողներ, որոնք կը հետաքրքրուին քաղաքականութեամբ, բայց յատկապէս Հայ դատով։ Անշուշտ երբեմն շատ լաւ է հին եւ նոր սերունդներու խառնուրդը, որովհետեւ մէկը աշխատանքի փորձառութիւն ունի, իսկ միւսը՝ եռանդ եւ պայքարելու ոգի։ Իսկ այս երկուքի միատեղ ուժերը կ՚ապահովեն շարունակականութիւնը։ Աւելցնեմ, թէ մեր հարիւրաւոր տեղական յանձնախումբերու աշխատանքներուն կը հսկեն շրջանային յանձնախումբերը, որոնք ներկայ են աւելի քան երեսուն երկիրներու մէջ։ Այսինքն տարողութեան առումով երեք մակարդակ գոյութիւն ունի՝ տեղական, շրջանային եւ կեդրոնական։

– Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս աշխատանքները՝ դրական արդիւնքները կամ թերացումներու պարագաները։ Վերջին հաշուով այստեղ դաստիարակչական հարց ալ կայ։ Ինչպէ՞ս կը դաստիարակուին ձեր անդամները։

– Հարցումը շատ հետաքրքրական է։ Բայց նախ արդար ըլլալու համար այս հարցումին թերեւս պէտք է պատասխանեն ուրիշները, որովհետեւ մենք գործին մէջ թաթխուած ենք։ Բայց եւ այնպէս կը տեսնենք թէ՛ դրական արդիւնքները եւ թէ՛ թերութիւնները։ Ըսեմ, թէ այս բոլորին լաւագոյն գրաւականը մեր ժողովուրդն է։ Ան իր նիւթական աջակցութիւններու կամ հանգանակութիւններու ճամբով, ցոյցերուն իր մասնակցութեամբ եւ մա՛նաւանդ գործով ներկայ է եւ կը գնահատէ տարուած աշխատանքը, եւ ատիկա արդէն մեզի գոհունակութիւն կու տայ եւ կ՚անդրադառնանք որ ճի՛շդ ճամբու վրայ կը գտնուինք։ Անկասկած, որ թերութիւններ կան եւ կրնանք աւելին ընել, օրինակ հետաքրքրութիւն արթնցնելու կամ մեր աշխատանքը գրաւիչ դարձնելու առումով։ Մեր մեծագոյն բախտաւորութիւնն այն է որ այսօր Սփիւռքի մէջ իր համահայկական աշխատանքներով Հայ դատը մեր երիտասարդութիւնը ամենէն հետաքրքրող մարզն է, ան ըլլա՛յ դաստիարակչական, կուսակցական, մարզական թէ մշակութային։ Երբ կը մօտենաս երիտասարդի մը, որ հայութեան հետ շատ քիչ առընչութիւն ունի, եւ իրեն հարցում կը յղես՝ կը տեսնես, որ զինք հետաքրքրող մարզը Հայ դատն է։ Բարեբախտաբար վերջին տարիներուն երիտասարդութիւնը զարթօնք կ՚ապրի ու անպայման կ՚ուզէ բան մը ընել եւ ատոր համար ալ կը մօտենայ մեզի եւ երբ կը տեսնէ, որ մենք անաչառ կերպով ու մեծ զոհողութիւններու գնով այս գործին կը տրամադրենք մեր ժամանակն ու ամբողջ էութիւնը, ինք ալ խրախուսուելով աշխատանքի կը լծուի։ Ըսեմ, թէ այս գործին առաջին գրաւականը նուիրումն է, որ բարեբախտաբար մե՛ր սերունդով պիտի չվերջանայ։ Մենք այն վախը ունէինք թէ միջինարեւելեան գաղութներու վերադասաւորումով եւ դասական Սփիւռքի այսպէս կոչուած՝ շիջումով երիտասարդութեան մէջ թափը պիտի պակսի, բայց ընդհակառակն, մենք յաջողեցանք ներազգային իմաստով նոր սերունդին մէջ Հայ դատի նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծել։ Ուրախալի է, որ նոյնիսկ ա՛յն սերունդին մէջ, որու ծնողները հեռացած են հայութենէն, կը տեսնենք այդ բոցկլտող կրակը, դէպի հայութիւն վերադառնալու փափաքը։

Հայ դատի աշխատանքներու դրական արդիւնքներէն են՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը բազմաթիւ երկիրներու կողմէ, Ամերիկայի Գոնկրէսին մէջ Հայաստանի օժանդակութեան վաւերացումը եւ ապահովումը, Եւրոպայի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի յատկացուած զանազան հիմնադրամներու ներդրումները եւ այլն։ Իսկ թերացումներու կարգին կարելի է նշել մեր արհեստավարժ խումբին փոքրաթիւ ըլլալը, որ կապուած է մեր նիւթական կարողութիւններուն, որովհետեւ պաշտօնէութեան մեծ թիւ ունենալը հսկայական պիւտճէի կը կարօտի։ Առ այդ նիւթական խարիսխներ ստեղծելը եւ մեր ցանցերը աւելի՛ արհեստավարժ դարձնելը ապագայի մարտահրաւէրներն են, մա՛նաւանդ որ մեր դիմացը կեցած թշնամին միլիոններ կը ծախսէ հակաքարոզչական աշխատանքներու համար։
Նոյնպէս թերացում կարելի է նկատել կարգ մը հարցերու պարագային՝ որոշ ընդդիմութիւններու, այլազան խմբաւորումներու կամ այլ փոքրամասնութիւններու հետ աշխատանք տանելու բացակայութիւնը, անշուշտ՝ ժամանակի սղութեան պատճառով։

– Հայ դատով հետաքրքրուող ձեր անդամներու կամ շարքայիններու ո՞ր տոկոսը կու գայ հայկական դպրոցներէ։

– Ուր որ հայկական դպրոցներ կան՝ մեր անդամներու մեծ մասը այնտեղէն կու գայ։ Օրինակ Գանատայի ամէնօրեայ դպրոցները յաճախող երիտասարդութեան 80 տոկոսը կը փարի Հայ դատի աշխատանքներուն։ Իսկ հոն բնակող միջին տարիքի մարդիկ, որոնց երիտասարդութեան տարիներուն հայկական դպրոց չկար, իրենց ընտանեկան դաստիարակութենէն դրդուած եւ Միջին Արեւելքի հայկականութեան ջերմութիւնը պահպանած, մեզի կը մօտենան։ Անշուշտ Գանատայի օրինակը համատարած երեւոյթ մը չէ, ինչպէս Ամերիկայի Արեւելեան շրջանը, ուր միայն միօրեայ վարժարաններ կան. հոն ալ թէեւ լեզուն մաշած է բայց ազգային ոգին ներշնչելու եւ Հայ դատին նուիրուելու դաստիարակչական դերը ստանձնած են ակումբները եւ Եկեղեցին։ Այդ շրջաններու երիտասարդները պատանեկան եւ ուղեկից միութիւններուն (ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ) միանալով կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն եւ ի վերջոյ կը փարին Հայ դատին։

– Բայց այս երիտասարդներու ո՞ր բաժինը կը հետաքրքրուի հայերէն լեզուով եւ հայ մշակոյթով։

– Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, թէ Հայ դատի աշխատանքներով զբաղող բոլոր երիտասարդներու մէջ չէ, որ հայերէն լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կ՚արթննայ, բայց մշակոյթի հանդէպ սէրը անշուշտ որ կ՚աւելնայ։ Որոշ շրջաններու մէջ –ինչպէս գիտէք– հայկական մշակոյթը նոր սերունդին մէջ այլ միջոցներով կը դրսեւորուի՝ պարի, թատրոնի կամ թարգմանուած գրականութեան ճամբով։ Նոյնիսկ երբեմն յեղափոխական երգերը լատինական տառերով կը գրեն ու կ՚երգեն, որովհետեւ հայերէն չեն գիտեր։ Անշուշտ որ լեզուն էական դեր կը խաղայ, բայց այսօր հայերէնով գիր ու գրականութիւն կարդացող երիտասարդներ գրեթէ գոյութիւն չունին։ Անոնք օտար լեզուներով թարգմանուած գիրքեր կը կարդան։ Հոս առիթէն օգտուելով ի մէջ այլոց նշեմ, թէ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ոչ-կուսակցականներ են։

– Դուք երիտասարդութիւնը ձեզի մօտեցնելու յատուկ աշխատանք կը տանի՞ք։

– Օրինակով խօսելու համար ըսեմ, թէ նախքան Պրիւսէլի հանդիպումը երկու շաբաթ առաջ Լոս Անճըլըսի մէջ նմանօրինակ համագումար մը կազմակերպեցինք՝ յատկապէս երիտասարդներու համար, որու ընթացքին քանի մը նիւթեր քննարկուեցան։ Հոն կային օտար մասնագէտներ, հայ դիւանագէտներ, ինչպէս Կարօ Փայլանը եւ ուրիշներ։ Մասնակցող երիտասարդներէն ոմանք եկած էին պարզապէս հետաքրքրութեան համար, գիտնալու թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ, իսկ ուրիշներ ալ՝ տեղեկութիւններ քաղելու եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով։ Եթէ 500 հոգի մասնակիցներէն միայն 10 տոկոսը ապագային մեզի միանայ, արդէն դրական երեւոյթ մըն է։

– Այստեղ կ՚ուզէի անդրադառնալ բառիս լայն իմաստով Հայութիւնը յուզող արդարութեան հարցին, խօսքը անշուշտ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան կը վերաբերի։ Հայ դատի յանձնախումբերու մէջ ընդգրկուած երիտասարդները արդեօք կը հետաքրքրուի՞ն Հայրենիքի մէջ արդարութիւն հաստատելու խնդրով, նկատի ունենալով որ ի վերջոյ պետականութեան ամրապնդման երաշխիքը արդար եւ ժողովրդավար կարգերն են։

– Այս հարցը անշուշտ որ կը հետաքրքրէ երիտասարդները։ Բայց հոս անմիջապէս պէտք է ըսեմ, թէ մենք կը փորձենք ընդհանրապէս Հայ դատի համակարգը զերծ պահել թէ՛ Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններէն եւ թէ՛ Սփիւռքի արատաւոր երեւոյթներէն, որպէսզի մեր յանձնախումբերը կեդրոնանան արտաքին աշխարհի մէջ տարուելիք աշխատանքներուն վրայ։ Գիտէք, ես օտարազգի բարեկամներ ունիմ եւ յաճախ իրենցմէ կը լսեմ, թէ՝ «երբ դուն հարցի մը պարագային օտարներու առջեւ կը զգետնես քու երկիրդ կամ դատդ, ատիկա քեզմէ 10-20 տարի կը պահանջէ որպէսզի վերականգնես եւ սրբագրես սխալդ, հետեւաբար պէտք չէ օտարներու առջեւ բանաս քու ներքին աղտոտ լաթերը»։ Անշուշտ որ Հայ դատի աշխատանքներուն լծուած երիտասարդները դժգոհ են Հայաստանի մենաշնորհներու կամ փտախտի հարցերէն, Սփիւռքի մաշումի կամ անտարբերութեան խնդրէն, բայց անոնք ա՛յլ խողովակներով ազդեցութիւն կը բանեցնեն տուեալ երեւոյթներուն վրայ։ Օրինակ մեր յանձնախումբի անդամները շատ զգոյշ են, որ օտար գոնկրէսականներու առջեւ չբանան այդ կծիկը, բայց անոնք ուրիշ կազմակերպութիւններու ճամբով կ՚արտայայտեն իրենց բողոքը՝ ցոյցերով, քարոզարշաւներով եւ այլն։ Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր երիտասարդ արդարութեան պահանջքի սուր գիտակցութիւնը ունի, բայց մենք կը փորձենք բացատրել, թէ գործի յաջողութեան համար պէտք է քաղաքական հասունութիւն ունենալ։

– Ըսել կ՚ուզէի, թէ երբ երիտասարդ մը անարդարութիւն կը տեսնէ՝ ներքին տագնապ մը կ՚ապրի։ Ան ի՞նչպէս կը լուծէ այդ հարցը։

– Երիտասարդները նշեալ հարցը ո՛չ թէ կը լուծեն, այլ՝ պարզապէս տարբեր ձեւով կ՚արտայայտեն ու ատոր համար տարբեր միջոցներ կը գտնեն եւ ըստ իս ճիշդը ա՛յդ է, որովհետեւ մէկու մը համոզումը պէտք չէ փոխուի, նկատի ունենալով որ ամէնքս ալ արդարութեան ծարաւը ունինք եւ ճաշակած ենք անարդարութեան հետեւանքները։ Եթէ կը յիշէք, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը արգիլուեցաւ եւ կուսակցութեան ղեկավարները բանտ նետուեցան։ Լաւ կը յիշեմ, որ այն օրերուն եւ այդ տագնապալի շրջանին մենք Ամսթերտամի մէջ հանդիպում ունեցանք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ես ներկայ էի այդ ժողովին, որպէսզի որոշ աշխատանքներ համադրենք եւ Հայաստանի վարկը խնդրոյ առարկայ չդառնայ։ Մենք հարուածուած ըլլալով հանդերձ՝ ունեցանք այդ գիտակցութիւնը եւ պրն. Ա. Արզումանեանի ու իր աշխատակիցներուն հետ քննարկեցինք հարցին բոլոր երեսները։ Միւս կողմէ մեր անհամաձայնութիւնը արտայայտելու համար Սփիւռքի մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցինք…։ Մէկ բան յստակ է որ քանդելը շատ աւելի դիւրին է, քան՝ կառուցելը։

– Սփիւռքի կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքին համար նիւթական ապահովելու համահայկական հարցը ունին։ Դուք ձեր գործի ֆինանսական բաժինը ինչպէ՞ս կը հայթայթէք։

– Մենք տեղական, շրջանային եւ կեդրոնական հանգանակութիւններով մեր յանձնախումբերու գործունէութիւնը կ՚ապահովենք։ Օրինակ՝ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ Փարիզի մէջ կայացած հանգանակութենէն գոյացած գումարը յատկացուցինք Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի գրասենեակներուն, իսկ Ամերիկայի մէջ պարբերաբար «թելեթոն» կը կազմակերպենք տեղւոյն ցանցերը պահելու համար։ Բացի ատկէ, մենք Հայ դատի բարեկամներու ցանց մը ունինք, որոնք կամաւոր կերպով մեզի յատկացումներ կ՚ընեն, որոնց ի դիմաց մենք իրենց տեղեկութիւններ կը փոխանցենք տարուած աշխատանքներուն մասին։ Ըսեմ, թէ վերջին տարիներուն մենք նաեւ կը հրատարակենք հանգանակային մանրամասն հաշուետւութիւն մը, ուր ծախսուած իւրաքանչիւր սենթին համար հաշիւ կը ներկայացնենք։ Հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ նիւթականի մեր հիմնական աղբիւրը ժողովուրդն է, որ մեր գործին հաւատք կ՚ընծայէ։ Անշուշտ կարելի է այլ կազմակերպութիւններէ օժանդակութիւն ստանալ, բայց այդ պարագային պէտք է ընդունինք իրենց պայմանները եւ մենք կը խուսափինք ատկէ ու չե՛նք ուզեր ոեւէ մէկուն պարտական ըլլալ։

Ժիրայր Չոլաքեան