Երեսփոխան Բագրատունի, ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Յղեցին Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին:

Երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց Լաս Վեկասի մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ յարձակումը եւ ցաւ յայտնեց բազմաթիւ անմեղ կեանքերու կորուստին համար:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին նոյնպիսի նամակ մը յղեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: