Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրելու Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Եւրոպական Միութիւնը լիարժէքօրէն յանձնառու կը մնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի իմաստալից ներկայութեան: Ուստի, ինչպէս Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբերը 7 մայիս 2017-ին յայտնեց` Եւրոպական Միութիւնը երկարաձգման շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլը չափազանց կարեւոր կը նկատէր»:

«Վիեննայի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին մէջ պաշտօնապէս ընդգծած է կարեւորութիւնը շրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութեան շարունակման, ինչ որ կենսական միջոց մըն է անդամ պետութիւններուն իրենց ԵԱՀԿ-եան յանձնառութիւններու կատարման օժանդակելու», կը գրէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նմանօրինակ պատասխան-նամակներ ստացած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ ու գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիոյէն:

EU delegation to Lebanon replies to ANCL

Yesterday, the Armenian National Committee of Lebanon received a letter from H.E. Ms. Christina Lassen Ambassador of the European Union in Lebanon regarding its letter of 11 August 2017 on the impending closure of the OSCE office in Yerevan on 31 August 2017. In her letter the EU ambassador wrote that “The European Union is fully committed to a meaningful OSCE presence in all South Caucasus countries”.

Ambassador Lassen also stated. “The European Union has been supporting the efforts of successive OSCE Chairmanships, Germany and Austria, to resolve the issue. At the OSCE Permanent Council, the EU Delegation in Vienna has formally underlined the importance of a continued OSCE presence in the region, which is a vital tool in assisting participating States in the fulfillment of their OSCE commitments”.