Երեսփոխան Բագրատունի եւ Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեցին Պարսելոնայի Ահաբեկչական Յարձակումը

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Միլակրոս Հեռնանտօ Էչեւարիային:

Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգի Պարսելոնա քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցական նամակ մը յղեց Սպանիոյ դեսպանին եւ կարեկցանք ու զօրակցութիւն յայտնեց Սպանիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին: