ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ԵԱՀԿ-ի Երեւանի Գրասենեակի Փակման Հարցով Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատունէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ եւ գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը: Գերմանիոյ փոխդեսպանը իր նամակին մէջ հաղորդեց, թէ իր երկիրը 2016-ին ԵԱՀԿ-ի իր նախագահութեան ընթացքին զինք փոխարինելու պատրաստուող Աւստրիոյ հետ սերտ խորհրդակցութեամբ` ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փակումը կանխարգիլելու համար տարբեր մակարդակներու վրայ դիւանագիտական մեծ ջանքեր թափած է: «Դժբախտաբար, կարելի չեղաւ գոյացնել Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին պահպանումը արտօնող համախոհութիւն մը», գրեց ան` աւելցնելով, որ իբրեւ հետեւանք ԵԱՀԿ-ը զրկուած է գրասենեակի լիազօրութիւնը չվերանորոգելու այլընտրանքէն:

«Վստա՛հ եղէք, որ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութիւնը շրջանային կայունութեան աճեցման տեսլականով պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան մեղմացման մէջ շինիչ դերակատարութիւն ունենալ», ընդգծեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ փոխդեսպանը:

German Embassy Replies to ANC Lebanon

On 14 August 2017, the Armenian National Committee of Lebanon received a letter from Dr. Michael Reuss Chargé d’Affaires a.i. & Deputy Head of Mission of the German Embassy in Lebanon regarding its letter of 11 August 2017 on the impending closure of the OSCE office in Yerevan on 31 August 2017.
In his letter Dr. Reuss stated that during its OSCE Chairmanship in 2016, Germany, in close consultation with the incoming Austrian Chair, has undertaken extensive diplomatic efforts on various levels to prevent the closure of the Yerevan OSCE office. Dr.Reuss added that “regrettably, a consensus allowing to maintain the OSCE office in Yerevan could not be found. Therefore, the OSCE was left with no other option than to take the decision not to renew the mandate of the office”.
“Please rest assured that the Federal Republic of Germany will continue to play a constructive role in reducing tensions between Armenia and Azerbaijan with a view to increasing regional stability”, stated the Deputy Head of Mission of the German Embassy.