Գասպար Կարապետեան. «Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերը Կը Վերաթարմանան Երիտասարդ Ոյժերով»

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի բաց­ման 15-ամ­եա­կին առի­թով, Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գե­լու, այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն նոր թափ տա­լու եւ ըն­դար­ձա­կե­լու նպա­տա­կով, Պրիւք­սէ­լի Հայ տան մէջ 27-28 Մա­յիս 2017-ին ՀՅԴ Բիւ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ՀՅԴ Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պութ­եամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եր­կօր­եայ խորհր­դա­ժո­ղո­վը:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող` Անգլ­իա, Յու­նաս­տան, Ռու­ման­իա, Շուէտ, Գեր­ման­իա, Աւստր­իա, Լե­հաս­տան, Պել­ճի­քա, Հո­լան­տա, Ֆրան­սա, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ Չեխ­իա­յէն ու Ջա­ւախ­քէն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շուրջ 35 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Պրիւք­սէ­լի մէջ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի բաց­ման 15-ամ­եա­կին նուիր­ուած այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին առի­թով, «Գան­ձա­սար» Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի ատե­նա­պետ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եա­նի հետ հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ` հայ հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու ԵՀԴ գրա­սեն­եա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն այժ­մ­է­ա­կա­նու­թիւնը ու գրա­սեն­եա­կին դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րը:

«Գան­ձա­սար».- Պրն. Գաս­պար, իբ­րեւ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի ատե­նա­պետ, ներ­կայ պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք նա­խորդ 15 տա­րի­նե­րու Պրիւք­սէ­լի գրա­սեն­եա­կին գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան.- Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ետք (1987), նկա­տի առ­նե­լով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ, 2002-ին, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րո­յին որո­շու­մով, Պրիւք­սէ­լի մէջ սկ­սաւ գոր­ծել Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կը` նպա­տակ ու­նե­նա­լով հաս­տա­տել ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ԵՄ-ի կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Այ­սօր, 15 տար­ուան մեր աշ­խա­տան­քը կը թարգ­ման­ուի Եւ­րո­պա­ցի մե­ծա­թիւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով: Այդ հան­դիպում­նե­րը յա­ճախ ըն­կե­րա­յին հան­գա­մանք ու­նէ­ին: Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը մեզ կը զօ­րակ­ցին Հայ Դա­տի առն­չուող բո­լոր հար­ցե­րուն մէջ, ինչ­պէս` Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ազատ ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, ՀՀ-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, սուր­ի­ա­հա­յե­րու զօ­րակ­ցութ­եան, Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մար­դու իրա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն լու­սար­ձա­կի տակ բեր­ման եւայլն:

Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կին գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կա­րե­ւոր եղած է նա­եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Եւ­րո­պա­կան միու­թեան հետ քա­ղա­քա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման առու­մով, մա­նա­ւանդ խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րութ­եամբ, Ար­ցա­խի ընտ­րու­թիւն­նե­րու եւ հան­րաք­ուէ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու ու­ղարկ­ման առա­քե­լու­թեամբ, Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին Պրիւք­սէլ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պութ­եամբ, Եւ­րո­պա­յի մէջ տար­բեր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լով եւ հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լին հա­մար լրատ­ուա­կան գոր­ծօն հան­դի­սա­նա­լու հան­գա­ման­քով:

Բնա­կա­նա­բար այս բո­լո­րը իրա­կա­նաց­նե­լը ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար առանց մեր նուի­րա­տու­նե­րուն օժան­դա­կու­թեան:

«Գ.»- Նա­խորդ 15 տա­րի­նե­րու գնա­հա­տե­լի ու հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նե­լով, որո՞նք են Հայ Դա­տի յա­ջոր­դող շր­ջան­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րու ռազ­մա­վա­րու­թիւնը:

Գ.Կ.- Յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին որ­դեգր­ուե­լիք ռազ­մա­վա­րու­թիւնը եւ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կին առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան.- հե­տապն­դել Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ազատ ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի մի­ջազ­գայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը, մաս­նակ­ցիլ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւնը քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին մե­կու­սա­ցու­մէն եւ թուրք-ատըր­պէյ­ճա­նա­կան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շր­ջա­փա­կու­մէն դուրս բե­րե­լու աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման դաշ­տէն տե­ղա­փո­խել հա­տուց­ման դաշտ:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի մեր յա­ռա­ջի­կայ ան­մի­ջա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ու­նինք բա­ւա­կա­նին կա­րե­ւոր եւ աշ­խոյժ շր­ջան մը:

Քա­ղա­քա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­ներ պի­տի շա­րու­նա­կեն այ­ցե­լել Ար­ցախ: Յա­ջորդ այ­ցե­լու­թիւնը, օրի­նակ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սեպ­տեմ­բե­րին:

Հոկ­տեմ­բե­րի 16-ին եւ 17-ին, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան 4-րդ հա­մա­գու­մա­րը` ՀՅԴ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ուր կը սպաս­ուի մեծ թիւով քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա- ց­ի­ա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ Եւ­րո­պա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը` ար­ծար­ծե­լու հա­մար հա­յու­թեան առ­ջեւ պարզ­ուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ անոնց յաղ­թա­հար­ման մի­ջոց­նե­րը:

Նո­յեմ­բե­րին, ինչ­պէս ար­դէն տեղ­եակ էք, հա­ւա­նա­բար ստո­րագր­ուի ԵՄ-ՀՀ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որուն մօ­տէն կը հե­տե­ւինք եւ կը բե­րենք մեր օժան­դա­կու­թիւնը:

«Գ».- Վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ակն­յայտ դար­ձած է ԵՄ–ի մէջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տա­կա­նօ­րէն դր­սե­ւո­րուող ու քա­րոզ­չա­կա­նօ­րէն ծա­ւա­լող հա­կա­հայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան նոր մար­տա­վա­րու­թիւնն ու իրո­ղու­թիւն­նե­րը նեն­գա­փո­խե­լու մո­լուց­քը: Երե­ւոյթ մը, որ մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ մաս­նա­գի­տա­կան հա­մա­կարգ­ուած պատ­րաստ­ուա­ծու­թիւն ու հա­կազ­դե­լու ար­դի հու­նա­ւո­րում: Որո՞նք են այս ուղ­ղութ­եամբ օգ­տա­գոր­ծե­լի կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջոց­նե­րը:

Գ.Կ.- Յս­տակ է որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, ի մաս­նա­ւո­րի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, հա­յատ­եա­ցու­թիւնը (Armenophobia) ուղ­ղակի­օ­րէն հո­վա­նա­ւոր­ուած է պե­տա­կան ամե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րու կող­մէ:

Ապ­րիլ­եան պա­տե­րազ­մէն ետք, Ար­ցա­խի մար­դու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նը իր առա­ջին զե­կոյ­ցին մէջ յայ­տա­րա­րած է, թէ 2016-ի Ապ­րիլ­եան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րը թի­րախ դար­ձու­ցած են քա­ղա­քաց­ի­ա­կան շի­նու­թիւն­ներ, դպ­րոց­ներ, երե­խա­ներ ինչ­պէս նա­եւ դա­ժան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու են­թար­կած են Թա­լիշ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը: Այս ոճիր­նե­րը հա­յատ­եա­ցութ­եան ուղ­ղա­կի հե­տե­ւանք­ներ են:

Ար­ցա­խի մար­դու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նը իր զե­կոյ­ցը առա­քած է Մար­դու Իրա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան, որ ըն­դու­նած է զայն ու­սում­նա­սի­րե­լու որո­շում: Գրա­սեն­եա­կը կը փոր­ձէ զե­կոյ­ցը տա­րա­ծել Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, ընդգ­ծե­լով որ Ատր­պէյ­ճա­նի այս հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը կը փաստէ թէ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւնը իս­կա­կան ոչն­չաց­ման վտան­գի մէջ կր­նայ յայտն­ուիլ, եթէ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզ­բուն­քը յարգ­ուի:

Այս առու­մով անհ­րա­ժեշտ է լու­սար­ձա­կի տակ պա­հել նա­եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ մար­դու իրա­ւունք­նե­րու եւ խօս­քի ազա­տու­թեան խախ­տում­նե­րը: Յու­նիս ամ­սուան ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճան­ցի լրագ­րող Աֆ­ղան Մուխ­թարլիի առե­ւան­գու­մէն ետք, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նը, բա­նա­ձե­ւով մը, խս­տօ­րէն դա­տա­պար­տած է այս խախ­տում­նե­րը:

Կր­նանք նա­եւ աւելց­նել Մարտ ամս­ուան մէջ «Freedom Files Analytical Center» մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ հրա­պա­րակ­ուած տե­ղե­կա­գի­րը, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն լոյ­սի տակ կը դնէ բո­լոր այն եւ­րո­պա­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու անուն­նե­րը, որոնք կա­շառք ստա­ցած են Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նութ­եան կող­մէն:

Այս բո­լո­րը ծանր դժ­ուա­րութ­եան տակ կը դնեն Ատր­պէյ­ճա­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան դէմ:

«Գ»-15-ամ­եա­կի նուիր­ուած խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ետք, ի՞նչ է մեր հայ երի­տա­սար­դու­թեան ուղղ­ուած ձեր պատ­գամն ու սր­տի խօս­քը:

Գ.Կ.- Նախ կ՛ու­զեմ անդ­րա­դառ­նալ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին մեծ թիւով երի­տա­սարդ մաս­նա­կից­նե­րուն: Սա կը նշա­նա­կէ, որ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը կը վե­րա­թար­մա­նան երի­տա­սարդ ոյ­ժե­րով, ինչ որ շատ առողջ երե­ւոյթ մըն է: Հայ Դա­տի գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րին շուն­չը տա­կա­ւին եր­կար է: Մենք մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն աշ­խոյժ ու կա­մա­ւոր մաս­նակ­ցու­թեամբ է որ դէմ պի­տի կր­նանք դնել թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան խաւ­ի­ա­րա­յին դիւա­նա­գի­տու­թեան:

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց

Դոկտ. Արա Սա­յեղ