Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քէնթի եւ Գլեմէնթի հետ Քննարկեց Արցախեան Հիմնահարցը

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Նախորդ շաբթուան ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի հերթական հանդիպումներու շարքին, Հայ Դատի Օթթաուայի Գրասենեակը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ նախկին նախարարներ եւ այժմու պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ՝ Փիթըր Քէնթի եւ Թօնի Գլեմէնթի հետ:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպումներու ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները զոյգ երեսփոխաններուն հետ քննարկեցին Հայ Դատի առնչուող առաջնահերթ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հիմնահարցը, Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան աշխատանքները:

Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման եւ անոր նկատմամբ Գանատայի դրական կեցուածքը շարունակելու եւ զայն աւելի աշխոյժ գործադաշտ տեղափոխելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այս հարցով, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները զոյգ երեսփոխաններուն ներկայացնելով ներկայ իրավիճակը, հիմնականօրէն կեդրոնացան Ատրպէյճանական հրադադարի խախտումներու դատապարտման եւ զանոնք կանխարգիլելու տարբեր միջոցներու որոնման հրամայականին եւ հարցի կարգաւորման հոլովոյթը ամբողջովին բանակցային գործընթաց տեղափոխելու անհրաժեշտութեան:

Իրենց կարգին, Երեսփոխաններ Քէնթ եւ Գլեմէնթ, իրենց ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերելով Հայ Դատի աշխատանքներուն, Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ բաժնեցին իրենց կարծիքն ու դրական կեցուածքը վերոնշեալ հարցերուն շուրջ եւ քննարկեցին զանոնք մօտ օրէն գործնականացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Լուսանկար – Ձախէն՝ ընկ. Սեւակ Պէլեան, Փիթըր Քէնթ եւ ընկ. Աբգար Միրաքեան