ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Չեխիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սօսի Սարգիսեան, Ճօ Զուլիկեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլա Ֆրոնքովայի հետ:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը գնահատեց Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը` ընդգծելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ո՛չ միայն կարեւոր է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին համար, այլ նաեւ կանխարգիլելու համար նոր ցեղասպանութիւններ, մասնաւորաբար շրջանին մէջ արձանագրուող դէպքերուն լոյսին տակ:

Պատուիրակութեան անդամները դեսպան Ֆրոնքովայի խնդրանքով ներկայացուցին մարմինը, անոր աշխատանքին ծիրն ու այն հարցերը, որոնցմով կը հետաքրքրուի ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին, մասնաւորաբար Արցախի հիմնահարցը, Ջաւախքի հարցը, Հայաստանի պետականութեան հզօրացման հարցը եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու մարդկային իրաւանց վերաբերող հարցերը:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը մարմինին անունով Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Եան Համաչեքի ուղղուած նամակ մը յանձնեց դեսպանին, որ յայտնեց, թէ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան անմիջապէս զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ հանդիպումին մասին: Սակայն նշեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլին նկատմամբ գոհունակութիւն արտայայտող եւ խորհրդարանի նախագահին ուղղուած նամակը անձամբ պիտի փոխանցէ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խոստացաւ Լիբանան վերադարձին կապ հաստատել մարմինին հետ` պէտք եղած զեկուցումը ներկայացնելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ հանդիպում ունենալու համար: