Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Նոր Դեմոկրատներու յաղթանակը

Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութիւնը եւ նահանգի «Կանաչներ» կուսակցութիւնը Մայիս 29-ին համաձայնագիր ստորագրելով դաշինք կազմեցին եւ ստանձնեցին նահանգի կառավարութիւնը վերջ դնելով 16 տարուան Ազատական կուսակցութեան իշխանութեան։

Այս առթիւ, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը այցելեց Նոր Դեմոկրատ կուսացկութեան Վանգուվըր-Քինկզուէյ ընտրատարածքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրիան Տիքսի եւ շնորհաւորեց կուսակցութեան յաղթանակը։