Rep. Fortenberry Meets With Religious, Community Leaders at Western Prelacy

(ASBAREZ, June 2) LA CRESCENTA, Calif.—The Western Prelate Archbishop Moushegh Mardirossian hosted a reception at the Western Prelacy on May 27, in honor of Nebraska Congressman Jeff Fortenberry, with the presence of religious and lay leaders including Bishop Mikayel Mouradian, Reverend Berdj Djambazian, representatives of Western Primate Archbishop Hovnan Derderian and the ARF Western U.S. Central Committee, Armenian National Committee of America national and Western Region, and Syrian Armenian Relief Fund.

Given that Congressman Fortenberry is one of the greatest champions of Christians in the Middle East, the discussion centered on the ongoing conflict in the Middle East, the persecution of Christians and other religious minorities, and the war in Syria.

Congressman Fortenberry is a tireless advocate in the U.S. Congress for humanitarian, security, and political assistance for Christians in the Middle East. He led the passage of a resolution in the House of Representatives condemning the persecution of Iraqi Christians and other minorities and calling for international humanitarian intervention. He also introduced a resolution launching an international effort to name and decry the genocide of Christians and other religious minorities by ISIS, a resolution that passed in a historic and unanimous vote. Furthermore, he is a staunch supporter of Armenia and the Armenian Diaspora in the U.S., publicly calling on the Trump administration to officially recognize the Armenian Genocide.

The visit concluded with an exchange of mementos.

Photo: Nebraska Congressman Jeff Fortenberry visits Western Prelacy on May 27, 2017 in La Crescenta, California

Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներ Կը Խորհրդակցին Քոնկրեսական Ֆորթընպերիի Հետ

(ԱՍՊԱՐԷԶ) ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, Մայիս 27ի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Նըպրասքայէն քոնկրեսական Ճեֆ Ֆորթընպերիի միջեւ հանդիպում մը, որ յատկացուած էր Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ իսլամական ծայրայեղականներուն կիրարկած հալածանքներուն, ինչպէս նաեւ տուժողներուն ամերիկեան օժանդակութիւն ու զօրակցութիւն տրամադրելու քայլերուն շուրջ խորհրդակցութեանց։

Հանդիպումը հիւրընկալեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան. ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչները, Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Դատի յանձնախումբի ու Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի (SARF) ներկայացուցիչները։

Հիւր խորհրդարանականը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեց վերջին 3 տարիներուն իր տարած աշխատանքին մասին։ Ի տես եւ ի լուր Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու, շիիներու, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական պետութիւն» անունով ծանօթ ոճրային խմբաւորումին կիրարկած խժդժութեանց ու սպանդներուն՝ Նըպրասքա նահանգի ներկայացուցիչը 2014 Օգոստոսէն ի վեր իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններու դիմած է ամերիկեան դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, մէկէ աւելի յանձնաժողովներու իր անդամակցութեան ճամբով։ Անոր ճիգերով, Ներկայացուցիչներու տունը 2015ին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ այդ հալածանքներն ու սպանդները կը նկատէ ցեղասպանական արարք։

Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակը, մասնաւորաբար հայ համայնքին կրած կորուստները եւ անոր օժանդակութեան ձեռք երկարելու միջոցները։

Նշենք, որ Ճեֆ Ֆորթընպերի զօրավիգ է Հայաստանին ու Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութին, եւ ձայնակից է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղղուած կոչերուն։ Ան անդամ է խորհրդարանական այն յանձնախումբին, որ կը հետեւի մարդկային իրաւանց, Միջին Արեւելքի եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը կանխարգիլող աշխատանքներուն։ Ան կը նկատուի նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրաւունքները ամերիկեան խորհրդարանին մէջ հետապնդող դրօշակիր մը եւ կ՛առաջադրէ մարդկային, ապահովութեան ու քաղաքական աջակցութիւն տրամադրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։