ANC Lebanon Sends Letter of Condolences to the Ambassador of the United Kingdom

Yesterday the Armenian National Committee of Lebanon sent a condolence letter to H.E. Hugo Shorter Ambassador of the United Kingdom to Lebanon regarding the terrorist attack in Manchester, and expressed its sympathy and solidarity to the government and people of the UK.

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի:

Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, ցաւակցութիւն յայտնեց կատարուած անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցական նամակ մը յղեց դեսպան Շորթըրին եւ կարեկցանք ու զօրակցութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին: