Յոյներու Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու շարք

Յար­գան­քի տուրք՝ ­­Պոն­տո­սի ­­Յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին

Ա­թէն­քի, ­­Փի­րէա­յի եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ձեռ­նարկ­նե­րուն ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ա­թէն­քի, ­­Փի­րէա­յի եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ­­Պոն­տո­սի ­­Յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին, ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը։
Ա­թէն­քի ­­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ, Ուր­բաթ` 19 ­­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Պոն­տո­սի ­­Յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած կեդ­րո­նա­կան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նար­կը, ո­րու բա­նա­խօսն էր ­­Գա­նա­տա­յէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած՝ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Անտ­րիու ­­Ղուլ­ֆորտ։
­­Դա­տա­պար­տե­լով Օս­մա­նեան ­­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծո­ւած ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ­­Փոքր Ա­սիոյ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը եւ ­­Պոն­տո­սի ­­Յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ան զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց ճա­նաչ­ման ու մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման ա­պա­հով­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին՝ նշե­լով, թէ ան­ցեա­լէն դա­սեր պէտք է քա­ղել, կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ա­պա­գայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ Ի յի­շա­տակ ու պա­տիւ ­­Պոն­տո­սի մէջ զո­հո­ւած 353.000 ան­մեղ յոյ­նե­րուն՝ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­­Սեդ­րակ Այ­վա­զեան։
­­Սին­տաղ­մա­յի վրայ պա­տո­ւոյ պա­հակ­նե­րը կը կրէին ­­Պոն­տո­սի ֆե­տա­յա­կան տա­րա­զը՝ իւ­րա­քան­չիւր պոն­տոս­ցիի սրտին եւ հո­գիին մէջ յու­զու­մի ու հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ արթնցնե­լով։
­­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին պա­րո­ւե­ցաւ պոն­տա­կան պա­տե­րազ­մա­կան ՍԷՐԱ պա­րը, իսկ յա­ջոր­դա­բար՝ հա­մախմբեալ ժո­ղո­վուր­դը բո­ղո­քի ցոյց կա­տա­րեց դէ­պի Ա­թէն­քի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն, ուր յու­շա­գիր մը յանձ­նո­ւե­ցաւ ­­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան։
Ա­թէն­քի եւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ցոյ­ցե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րը՝ պաս­տառ­նե­րով եւ Ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րով։

­­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ ­­Փի­րէա

­­Պոն­տա­կան ա­ւան­դա­կան տաս­նեակ դրօ­շակ­նե­րով եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­ներ կրող պաս­տառ­նե­րով, Ուր­բաթ` 19 ­­Մա­յի­սի գի­շե­րը, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­յիաս ­­Սո­ֆիաս հրա­պա­րա­կին վրայ հա­մախմ­բո­ւած էին մեծ թի­ւով յոյն-պոն­տոս­ցի­ներ։ Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր ­­Կիպ­րո­սի եւ­րօ-ե­րես­փո­խան եւ հա­յու­թեան հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ տի­կին Է­լէ­նի ­­Թէո­խա­րուս։
­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ՝ Ա­յիա ­Սո­ֆիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ­Թա­ղա­կա­նու­թեան կող­մէ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց Ա­րէթ ­Տէ­րէ­յեան։
Իսկ ­­Կի­րա­կի՝ 21 ­­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, ­­Փի­րէա­յի Ա­լեք­սանտ­րաս հրա­պա­րա­կին վրայ, մեծ շու­քով բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ պոն­տոս­ցի­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղին, ­­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան բարձ­րա­պաշ­տօն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ներ­կայ ե­ղաւ ընկ. ­­Յա­կոբ ­­Յո­վա­կի­մեան ու դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց։

­­Յար­գան­քի տուրք Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ՝ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին

­­Մա­յիս 19ին յար­գան­քի այ­ցե­լու­թիւն մը տրո­ւե­ցաւ ­­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, յի­շա­տա­կե­լու ու դա­տա­պար­տե­լու հա­մար ­­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ ­­Ներ­կայ ե­ղան ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Է­դո­ւարդ ­­Շար­մա­զա­նով, Հ.Հ. Ա.Ժ. Հ.Հ.Կ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար ­­Գա­գիկ ­­Մե­լի­քեան, պատ­գա­մա­ւոր ­­Մար­գա­րիտ Ե­սա­յեան, ­­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ար­կա­դի ­­Խի­տա­րով, հո­գե­ւոր դա­սի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի յու­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Է­դո­ւարդ ­­Շար­մա­զա­նով ­­Հա­յաս­տա­նի օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան ա­նու­նով ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց ­­Հա­յոց ­­Մեծ Ե­ղեռ­նի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ։
­­Ներ­կա­նե­րը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին ան­մար կրա­կին շուրջ եւ խո­նար­հու­մով ու լռու­թեամբ յար­գե­ցին ­­Փոքր Ա­սիոյ տա­րած­քին 1915-1923 թթ. Օս­մա­նեան ­­Թուր­քիոյ կող­մէ ­­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։
Էջ­միած­նի միա­բան ­­Նա­թան Ար­քե­պիս­կո­պոս ­­Յով­հան­նի­սեան կա­տա­րեց հո­գե­հանգս­տեան կար­գը։
Իր խօս­քին մէջ, Է. ­­Շար­մա­զա­նով ը­սած է.- «Այ­սօր վե­րած­նուն­դի օր է։ Ա­մէն ինչ ա­նե­լու ենք, որ­պէս­զի այ­լեւս եր­բեք չկրկնո­ւեն նմա­նօ­րի­նակ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ։ Իսկ դրա վկա­յու­թիւ­նը յու­նա­կան եր­կու պե­տու­թեանց եւ հայ­կա­կան եր­կու պե­տու­թեանց առ­կա­յու­թիւնն է։ ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն ինչ ա­նե­լու են քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման ուղ­ղու­թեամբ, եւ մենք պէտք է միա­ւո­րենք մեր ջան­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը նոյն­քան վտան­գա­ւոր է, որ­քան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կա­տա­րե­լը»։
­­Հա­յաս­տա­նի մէջ յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ար­կա­դի ­­Խի­տա­րով խորհր­դան­շա­կան հա­մա­րած է ­­Հա­յոց ­­Մեծ Ե­ղեռ­նի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ ­­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու յի­շա­տա­կի նշու­մը, քա­նի որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ջինն է, որ են­թար­կո­ւե­ցաւ ե­ղեռ­նի։
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ­­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած ու դա­տա­պար­տած են ­­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
­­Նոյն օ­րը, ­­Մա­յիս 19ին, ­­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, ի­րենց նիս­տը սկսե­լէ ա­ռաջ, մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­ցին ­­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը։