لجنة الدفاع عن القضية الارمنية طالبت باعادة ذكرى 6 ايار

وطنية – وجهت لجنة الدفاع عن القضية الارمنية في لبنان كتابا مفتوحا الى القيادات السياسية، جاء فيه:

“المأساة اللبنانية طويلة لا تنتهي في صفحة أو كتاب، مرة اندلعت الحرب العالمية وجرفت معها حياة الأبرياء ومرة رفعت المشانق ، وعلق عليها أبطال من بلادي : رجال فكر وعلم ودين وصحافة، دون تفرقة أو تمييز بينهم ومرة جاع اللبنانيون وأكلوا التراب ولحوم الجيف ومرة ذلت كبرياء الرجال، وبيعت أعراض النساء، وهدرت دماء الأبطال الذين واجهوا الموت مدافعين عن أرض الوطن لننعم به نحن اليوم.

وها نحن اليوم نعيش عاصفة من النسيان والتناسي، وحالة من النكران والنفي أين نحن من 6 آيار، يوم الشهداء ؟

اوليس هو يوم مقدس لأنه يجسد الماضي بكل أمجاده والحاضر بكل عطائه والمستقبل بكل أحلامه وآماله ؟

لبنان إرث ثمين، فيه نعيش ، وبخيراته ننعم ، هنا ترقد بسلام عظام الآباء والأجداد وهناك في نقطة منه ، قضى آلاف الشهداء ذودا عن حياضه .

أن نستعيد ذكرى شهدائنا هو شرف لنا، وأن نعاقب الفاعل هو مسوؤليتنا وفعل إيماننا بوطننا من هنا ، من أرض القداسة والرسالة ، تتقدم لجنة الدفاع عن القضية الأرمنية في لبنان ، مطالبة المسوؤلين المعنيين إعادة ذكرى الشهداء في لبنان ، واعتبار 6 آيار كما في السابق، يوم انتصار الحق على الباطل، يوم استرجاع كرامة الانسان ، يوم شكر للأرواح الطاهرة، ويوم تشابك الأيادي وتكاتف الإرادة والعزم .

الوطن هو عنوان العزة فهو يحتاج الى الدماء كما يحتاج الى عرق الجبين، ندعو كل مسؤول من موقعه أن يعيد ذكرى 6 آيار، ذكرى الشهداء اللبنانيين الأبرار، ولنغرس معا في قلوب الجيل الصاعد بذرة العطاء والتضحية في سبيل الوطن”.

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Կոչը` Նահատակաց Տօնին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն ուղղուած բաց նամակով մը պահանջեց վերահաստատել Նահատակաց տօնին` մայիս 6-ի խորհուրդը:

Նամակին մէջ գրուած է.

Լիբանանեան կեանքի ողբերգութիւնը բաւական մեծ է` չի սահմանափակուիր էջով մը կամ գիրքով մը,

Համաշխարհային Ա. պատերազմը բռնկեցաւ եւ հնձեց անմեղներու կեանքեր..

Բարձրացուեցան կախաղաններ, ուր կախուեցան երկրին հերոսները` մտաւորականներ, գիտնականներ, լրագրողներ, հոգեւորականներ, առանց խտրականութեան…

Լիբանանցիները սովահար դարձան` ստիպուեցան հող ու փճացած միս ուտել…

Այր մարդոց արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղաւ, կիներուն պատիւը վաճառուեցաւ, իրենց երկրին պաշտպանութեան համար պայքարող մեր հերոսներուն արիւնը հոսեցաւ, որպէսզի այսօր մենք վայելենք այս երկրին բարիքները…

Իսկ այսօր տարուած ենք մոռացութեան փոթորիկով, հերքումի կացութիւն կ’ապրինք, ո՞ւր է այսօր 6 մայիսը մեր կեանքին մէջ, ո՞ւր է Նահատակաց օրը:

Արդեօք անիկա սուրբ օր չէ՞, որ կը մարմնաւորէ անցեալը իր փառքերով եւ ներկան իր բարիքներով, նաեւ ապագան` իր բոլոր երազներով ու յոյսերով:

Լիբանանը յարգի գանձ մըն է, ուր կ՛ապրինք, եւ որուն բարիքներով կը լիանանք…

Հոս խաղաղութեամբ կը ննջեն մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, նոյն հողին վրայ հազարաւոր նահատակներ ինկած են:

Նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելը մեզի պատիւ է, յանցաւորին պատժուիլը մեր պատասխանատուութիւնն է եւ մեր երկրին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքին դրսեւորումը:

Հոսկէ, սրբազան ու պատգամաբեր այս երկրէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը դիմէ քաղաքական ղեկավարութեան վերականգնելու Նահատակաց օրը եւ, ինչպէս անցեալին, 6 մայիսը նկատել անարդարութեան դէմ յաղթանակի օր, մարդուն արժանապատուութեան վերականգնումի օր, անմեղներուն նահատակութեան համար շնորհակալութեան օր, ձեռքերու միացման եւ կամքի ու վճռականութեան միաձուլման օր:

Հայրենիքը հպարտութեան ու արժանապատուութեան կիզակէտն է, ան կարիք ունի արեան, ինչպէս որ կարիք ունի ճակտի քրտինքի:

Կոչ կ՛ուղղենք իւրաքանչիւր պատասխանատուի` վերականգնելու 6 մայիսի խորհուրդը, լիբանանցի անմեղ զոհերուն յիշատակի օրը, նոր սերունդին մէջ սերմանելու հայրենիքին համար նուիրումի ու զոհողութեան սերմերը…

Նշենք, որ այս բաց նամակը յղուած է լիբանանեան տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլին: