Երեսփոխան Բագրատունի, Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցութիւն Յայտնեցին Ռուսիոյ Դեսպանին

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ արձանագրուած պայթումին հարցով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի:

Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց յարձակումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցագիր մը յղելով Ռուսիոյ դեսպանին` խոր ցաւ յայտնեց անմեղ կեանքերու կորուստին համար եւ դեսպանէն խնդրեց Հայ դատի մարմինի կարեկցանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել Ռուսիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին: