Կ­լոր սե­ղա­նի զրոյց՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ. լու­ծում-մեր­ժում-դիր­քա­ւո­րում» նիւ­թով Ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ԽԱՉԻԿ ԱՊԱՐԵԱՆ

(ԱԶԱՏ ՕՐ, 24 Մարտ) Ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէպ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող ու­սու­ցիչ­ներ եւ դաս­տիա­րակ­ներ ազ­դե­ցիկ դեր կ­՚ու­նե­նան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման եւ ըն­կե­րա­յին զգայ­նու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։
Այս ա­ռա­քե­լու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով՝ ­Փե­րիս­թե­րիի 7րդ ­միջ­նա­կարգ դպրո­ցի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Փե­րիս­թե­րիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, կլոր սե­ղա­նի զրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 18 ­Մարտ 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Փե­րիս­թե­րիի ­Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի Մ­շա­կու­թա­յին ­Կեդ­րո­նէն ներս, նո­ւի­րո­ւած՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ. լու­ծում-մեր­ժում-դիր­քա­ւո­րում» նիւ­թին։
­Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ըն­թաց­քին, շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան ա­մէն տե­սա­կի մօ­տե­ցում­նե­րը մեր­ժե­լու եւ ա­նոնց դէմ պայ­քա­րե­լու ար­դար մար­դոց կե­ցո­ւած­քին վրայ՝ դի­տել տա­լով, թէ ա­տե­լու­թե­նէն ա­ւե­լի՝ մար­դոց ան­տար­բե­րու­թիւնն է, որ մե­ծա­գոյն վնա­սը կը հասց­նէ։
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րուն շուրջ ներ­կա­յա­ցում կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­Խա­չիկ Ա­պա­րեան։
Ան խօ­սե­ցաւ 20րդ ­դա­րուն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած զան­գո­ւա­ծա­յին հա­լա­ծանք­նե­րուն, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ա­րեւմտեան ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման մա­սին։ Իր խօս­քին ա­ռըն­թեր ե­րիզ մը ցու­ցադ­րեց, որ կ­՚անդ­րա­դառ­նար մեր ազ­գի պատ­մա­կան-պա­հան­ջա­տի­րա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րուն։
Կ­լոր սե­ղա­նի զրոյ­ցին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Թէո­ֆա­նիս ­Մալ­քի­տիս (Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց տոք­թոր, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ու­սում­նա­սի­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ ան­դամ), որ խօ­սե­ցաւ «­Քե­մա­լա­կա­նու­թիւն եւ ­Նա­ցիա­կա­նու­թիւն. ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն՝ ­Հո­լո­քոսթ» նիւ­թին շուրջ՝ շեշ­տե­լով, թէ ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեանց հիմ­քը կը գտնո­ւի ­Քե­մա­լա­կա­նու­թեան մէջ, ո­րուն հե­տե­ւած է ­Նա­ցիա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան ա­ռա­ջար­կեց ­Յոյ­նե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ւա­կա­նը՝ ­Մա­յիս 19ի օ­րը հռչա­կել ­Քե­մա­լա­կա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կու­թեան մի­ջազ­գա­յին օր. նա­խա­ձեռ­նու­թիւն՝ որ ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ է ­Գա­նա­տա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին մօտ։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս (Ա­սո­րի­նե­րու ­Հա­մա­հել­լէ­նա­կան ­Միու­թեան նա­խա­գահ), ­Բե­նիա­մին Ալ­պա­լա (­Յու­նաս­տա­նի հրեայ հա­մայն­քի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի նախ­կին փոխ-նա­խա­գահ), Եա­նիս Եոր­ղիու (Ա­թէն­քի ­Մե­ցո­վիօ հա­մալ­սա­րա­նի ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց դա­սա­խօս), որ խօ­սե­ցաւ գնչու­նե­րու (­Ռո­մա) դէմ հա­լա­ծանք­նե­րուն մա­սին։ Ա­ւար­տին, խօսք ա­ռաւ ­Վա­սի­լի­քի ­Լա­զու (­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան դա­սա­խօս), որ խօ­սե­ցաւ մարդ­կու­թեան պար­տա­կա­նու­թեան զգա­ցու­մին մա­սին՝ շեշ­տե­լով, թէ պէտք է շա­րու­նա­կել խօ­սիլ, վե­րա­պատ­րաս­տո­ւիլ, ու­սում­նա­սի­րել պատ­մա­կան ան­ցեա­լը, նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ ա­պա­գա­յին կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով։
Կր­թու­թեան ար­ժէ­քը կա­րե­ւո­րե­լով եւ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան ու յար­գան­քի զգա­ցու­մը շեշ­տե­լով, դա­սա­խօս­նե­րը մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­ցին ­Փե­րիս­թե­րիի 7րդ ­միջ­նա­կարգ դպրո­ցի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։

Լուսանկար – Կ­լոր սե­ղա­նի զրոյց՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ. լու­ծում-մեր­ժում-դիր­քա­ւո­րում» նիւ­թով Ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. Խաչիկ Ապարեան (ձախէն 2րդ)