Գանատացի դիտորդ Ճիմ Գարիճիանիս. «Արցախի հանրաքուէն իտէալական էր»

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան փետրուար 21-ին ընդունեց դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ այցելած Գալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ շրջանի վարչական մարմնի անդամ Անդրէաս Պորկէասը (ԱՄՆ), նոյն նահանգի Սանթա Քրուզ շրջանի ընտրութիւններու հարցերով պատասխանատու Կէյլ Պելլերը (ԱՄՆ), Պըրքլի համալսարանի ընտրութիւններու կառավարման հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Քարին Մաքտոնալդտը (ԱՄՆ) և Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Ճիմ Գարիճիանիսը (Գանատա)։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:

Խորհրդարանի նախագահը, ողջունելով հիւրերուն, կարևորեց Արցախի մէջ կատարած անոնց աշխատանքը:

Շնորհաւորելով Արցախի ժողովուրդին հանրաքուէի իրագործման հարցով՝ Գանատայի խորհրադարանի նախկին անդամ Ճիմ Գարիճիանիսը նշած է, որ տպաւորուած է հանրաքուէով.

«Արցախի հանրաքուէն իտէալական էր: Նախանձով ականատես եմ, որ այսքան շատ մարդ մասնակից է: Ես բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ դիտորդական առաքելութիւն կատարած եմ սակայն նման բան չեմ տեսած: Հանրաքուէին 75%-էն աւելի մասնակցութիւնը ենթադրել կու տայ, որ ան լսելի կը դարձնէ ժողովուրդին ձայնը», յայտնած է Ճիմ Գարիճիանիսը:

Ashot Ghoulyan Met with the Observers from the USA and Canada

(nankr.am) On February 21st, President of the Parliament of the Republic of Artsakh, Ashot Ghoulyan received the member of the administrative body of the county of Fresno, California Andreas Borgeas (USA), responsible for electoral district of Santa Cruz, California Gail Pellerin (USA), Director of the Center of electoral management studies, University of California, Berkeley Karin MacDonald ( USA), Toronto elders council member Jim Karygiannis (Canada) and NKR permanent representative to the USA Robert Avetisyan, who arrived in Artsakh with the observation mission.

The president welcomed the guests and highlighted their work in Artsakh, as these studies, tips and reviews are not just for one day, but also include a long-term partnership.

Congratulating Artsakh people on the conduct of the referendum, Toronto City Council member Jim Karygiannis noted that he was impressed by it.

“It was a perfect referendum. I enviously refer to the fact that so many people were involved in the referendum. Before I have carried out observation missions in many countries, but have never seen anything like that. The turnout of over 75% in the referendum suggests that the voice of the people of Artsakh will be heard. This gives an additional impetus to the country to move forward confidently”, – said Jim Karigiannis.

A member of the administrative body of the county of Fresno California, Andreas Borgeas, in turn, sharing his observations, admired the people’s enthusiasm for the referendum and intended to share the experience of Artsakh in his own country, because it is not an easy task to provide such a turnout there.

Director of the Center of electoral management studies, University of California, Berkeley California, Kerin MacDonald, noted that it was his third visit to Artsakh as an observer and stressed the importance of the changes in the Electoral Code, which were offered by them in the previous time.

“We are delighted that great importance is given to a long-term cooperation and we are grateful that our proposals are taken into account,” said Karin MacDonald.

At the end Ashot Ghoulyan answered the questions of the observers, concerning the issues of the Constitution related to human rights and local self-government bodies.

After the meeting, Ashot Ghoulyan said observers; questions about enshrined in the Constitution of the provisions of human rights and local self-government.

«Ես Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակ»-ին ՄԷջ Եմ Եւ Չեմ Մտածեր Այդ Մասին». ՃԷյմս Գարիկիանիս

(hayernaysor.am) «Հայերն այսօր»–ի զրուցակիցը Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ, Գանատայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր ՃԷյմս (Ճիմ) Գարիկիանիսն է, որ Գանատայի հայ դատի յանձնախումբի ջանքերով Արցախ ժամանած էր` Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի ժամանակ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով:

–Պարո՛ն Գարիկիանիս, ինչպէ՞ս կ’որակէք Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

– Արցախի հանրաքուէն, պատկերաւոր խօսքով, «Օսկար»-ի արժանի է: Եթէ հնարաւորութիւն ըլլար այս հանրաքուէին նուիրուած ֆիլմ նկարահանել, ապա, անկասկած, «Օսկար» կը ստանար:

Ամէն ինչ արտակարգ անցաւ, հոյակապ կազմակերպուած ընտրութիւններ էին. ժողովուրդին վրայ ոչ մէկը ճնշում կը գործադրէր, քուէատուփերը չէին փոխեր, ընտրակաշառք չէր բաժնուեր:

Վենեսուելայի, Լիթվայի, Սոմալի, Ռուսաստանի, Փաքիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ կայացած ընտրութիւններուն նոյնպէս դիտորդական առաքելութեամբ հանդէս եկած եմ, սակայն ամենաթափանցիկ ընտրութիւնը, որ տեսած եմ Արցախի մէջ էր: Ես կը ցանկամ, որ Գանատայի մէջ եւս այսպիսի ժողովրդավարական ընտրութիւններ կ’իրականացուին:

–Հաշուի առնելով պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ատրպէյճանին արտայանձնելու վերջին դէպքը` միջազգային միւս դիտորդներուն մօտ վախի կամ անհանգստութեան մթնոլորտ արդեօք կը զգացուէ՞ր:

-Ո՛չ: Բոլորը հանգիստ իրենց աշխատանքը կը կատարէին` առանց անհանգստութեան կամ, ինչպէս ըսիք, վախի նշաններու:

Երբ կը հարցնէին` չենք վախնար յայտնուելու Պաքուի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, կը պատասխանէինք, որ այնտեղ յայտնուիլը մեզի համար պարգեւատրում կ’ըլլայ: Ես հիմա «սեւ ցուցակ»-ի մէջ եմ եւ չեմ մտածեր այդ մասին, քանի որ մտադրութիւն չունիմ Ատրպէյճան երթալ. Բան չեմ կորսնեցեր Պաքու չերթալով:

–Իբրեւ Գանատայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, այժմ` Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ, ի՞նչ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էք կամ յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունինք Արցախի հիմնախնդրի լուծման հետ կապուած:

–Նախ պէտք է բոլորս համատեղ ջանքեր գործադրենք եւ աշխատինք Արցախի հիմնախնդրին խաղաղ ճանապարհներով լուծում տալու համար:

Ինչ կը վերաբերի մեր ծրագիրներուն, ըսեմ, որ նպատակ ունինք Արցախի հետ բարեկամական պատգամաւորական խումբ ստեղծել: Նաեւ յառաջիկայ` հիմնական ծրագիրներէն պիտի ըլլայ Ստեփանակերտը եւ Գանատայի քաղաքներէն մէկը քոյր քաղաքներ հռչակելու ուղղութեամբ գործընթացքի կազմակերպումը: Մայիսի սկիզբը Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամներով Հայաստան պիտի գանք` քոյրացման պայմանագիրը կնքելու: Երբ հասնիմ Գանատա, արդէն պիտի սկսիմ զբաղուիլ այս հարցով:

–Ցաւօք, կան մարդիկ, որոնք Ատրպէյճանի ապատեղեկատուական քարոզչութեան հետեւելով` կասկածի տակ կ’առնեն Արցախի հայկականութիւնը: Դուք, ըլլալով Արցախի հողին վրայ, ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին:

– Բնաւ, չեմ կիսեր այդ կարծիքը: Արցախի մէջ առաջին անգամ եղած եմ 2012 թուականին` նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ: Ըլլալով Արցախի մէջ` երբեք ատրպէյճանցի չեմ տեսած այնտեղ, ատրպէյճանական մթնոլորտ չեմ զգացած: Ամէնուր հայաշունչ միջավայր էր, որ ես շատ կը սիրեմ:

Առհասարակ, սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ’այցելեմ Հայաստան: Սա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան եւ Արցախ: Շատ տպաւորուած եմ Արցախ աշխարհով ու անոր հերոսական ժողովուրդով: Ես, իսկապէս, բարձր կը գնահատեմ հայ ժողովուրդի մարդկային նկարագիրը, ծանօթ եմ ձեր պատմութեան եւ գիտեմ, թէ որքան տաղանդաւոր ազգ էք:

–Արցախի մէջ արդէն սիրելի վայրեր ունի՞ք:

– Շատ սիրած եմ «Տաք ջուրեր» կոչուող լողաւազանը: Արցախի մէջ հասցուցի ամէն տեղ այցելել, հիանալ տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով եւ գեղատեսիլ բնութեամբ: Համտեսած եմ նաեւ արցախեան աւանդական ուտեստները, որոնք շատ համեղ են:

–Շուտով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի տարելիցն է: Շատ երկիրներ, մարդիկ զօրավիգ եղան Արցախին, ամբողջ Հայկական սփիւռքը ոտքի կանգնեցաւ: Դուք ի՞նչ քայլեր ձեռնարկեցիք այս ուղղութեամբ:

-Ես յայտարարութիւն տարածեցի` նշելով, որ Արցախի մէջ պատերազմը Ատրպէյճանը սկսած է : Ընդհանրապէս, Ատրպէյճանը գրեթէ ամէն օր Արցախի հանդէպ նախայարձակ սադրիչ գործողութիւններ կ’իրականացնէ: Հայերը միշտ խաղաղութեան կը ձգտին, կը պաշտպանեն խաղաղ ապրելու իրենց իրաւունքը, սակայն, ինչպէս կ’երեւի, Ատրպէյճանի ուզածը ատիկա չէ, քանի որ Հայաստանին անդադար բախումներու կը դրդէ:

–Ձեր դիտարկմամբ` Արցախի հիմնախնդիրի վերջնական հանգրուանը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ հանգուցալուծում ակնկալել այս հարցով:

–Անկեղծ խօսքով, մօտ ապագային այս հարցին հանգուցալուծում չեմ տեսներ: Այն երկիրները, որոնք ունին ներքին խնդիրներ, արտաքին խնդիրներ կը հրահրեն, որպէսզի իրենց ներքին խնդիրները «ջուրի երես» դուրս չգան:

Ռազմավարական նմանատիպ քաղաքականութիւն վարող երկիրները, որպէս կանոն, ցոյց կու տան, որ իրենց մօտ ժողովրդավարութիւն կը տիրէ, միշտ այնպիսի պատրուակներ առաջ կը քաշեն, որ իբր հարեւան պետութիւնները կը ցանկան գրաւել իրենց տարածքները` այդ միջոցով շեղելով մարդոց ուշադրութիւնը:

Այդպէս է, օրինակ, 2016 թուականի ամառը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ կազմակերպուած «Ռազմական յեղափոխութիւնը», որ բեմադրութիւն եւ բացայայտ կեղծիք էր:

Աւելորդ է խօսիլ Ատրպէյճանի` Հայաստանի հանդէպ վարած թշնամական քաղաքանութեան, նախագահ Ալիեւի` իր կնոջն Ատրպէյճանի փոխնախագահ նշանակելու զաւեշտին մասին, որ պարզապէս ծիծաղելի է եւ զուրկ ժողովրդավարութենէ: Այս քայլը յարիր է միայն մենատիրակալ կարգի բռնապետերուն:

Յուսանք, որ Ատրպէյճան այլեւս կը հրաժարի պատերազմական գործողութիւններէն, եւ Արցախի ժողովուրդը խաղաղ երկնքի տակ կ’ապրի:

Գէորգ Չիչեան