Արամ Էլակօզ Գանատայի Լաւալ քաղաքի քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Գանատայի Լաւալ քաղաքի յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է լաւալահայ Արամ Էլակոզ։ Ընտրութիւնները պիտի կայանան յառաջիկայ Նոյեմբերին։

Արամ Էլակօզ մասնկային կենսաբան (molecular biologist) է։ Դոկտորական իր վկայականը ստացած է Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքի Louis Pasteur համալսարանէն։ 20 տարիէ ի վեր Գանատա հաստատուած է։ Կ՚աշխատի դեղագիտական տարբեր ընկերութիւններու մէջ։ Արամ Էլակօզ Լաւալի հայ համայնքի գործունեայ ազգայիններէն է, երկար տարիներէ ի վեր նաեւ գործօն անդամ է Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Նշենք, որ Լաւալ Գանատայի 13-րդ մեծագոյն քաղաքն է, ուր կը բնակին աւելի քան 15 հազար հայեր։