Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը Հ.Հ. նորանշանակ դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ

Երեքշաբթի՝ 8 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, փոխադարձ ծանօթացման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին միջեւ։
Համագործակցութեան բարձր տրամադրութեամբ ու աշխոյժ գործունէութեան պատրաստակամութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Հայաստանի ու Արցախի կապուած հարցեր՝ կեդրոնանալով յատկապէս յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուած աշխատանքներուն վրայ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներու բոլոր բնագաւառները ընդգրկող նախաձեռնութիւններուն, հետապնդումներուն եւ գործելաձեւին մասին։
Պրն. դեսպանը բարձր գնահատեց Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ Հայ Դատի ու Հայաստանի հարցերու կապակցութեամբ կատարուած ներդրումը։ Ան կարեւորեց յոյն պետական շրջանակներուն հետ միջ-պետական կապերու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, որու գծով արդէն ինք աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Արծարծուեցան Հայաստանին, Արցախին եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն հետ առնչուած հարցեր։