Արշակ Գաւաֆեան. «Մենք Հետամուտ ենք Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Հասցնելու Վերջնական Հանգրուանի»

(hayernaysor.am) Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին կ’ամփոփէ 2016 թուականի կատարուած աշխատանքները, որոնք ուղղուած եղած են ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ճանաչման, այլեւ` Արցախին, սուրիահայերուն ու ջաւախահայերուն աջակցութեան:

–Պարո՛ն Գաւաֆեան, եթէ ամփոփելու ըլլանք Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի` 2016 թուականի ընթացքին կատարած աշխատանքները, ապա ինչպիսի արդիւ՞նք կ’ունենանք: Որո՞նք էին Յանձնախումբի ռազմավարութիւնն ու թիրախային նշանակութեան ծրագիրները:

-Մեր ընդհանուր նպատակներու հիմքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, իրագործումը, Արցախի անկախութիւնը, ժողովուրդի ինքորոշման իրաւունքի ընդունումը, Ատրպէյճանին սաստող քաղաքականութեան որդեգրումն ու իրագործումն է` անկախ այն հանգամանքէն, թէ որ երկրէն ինչ պահանջ ունինք: Ջաւախահայերու իրաւունքներուն համար պայքարելու, սուրիահայերու` թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Շուէտի մէջ աջակցելու հարցերը նոյնպէս մեր օրակարգին մէջ են:

Շուէտը մեզի համար կարեւոր նշանակութեան երկիր է հիւսիսային Եւրոպայի մէջ, ուստի կը փորձենք այդ պետութեան հետ բազմակողմանի համագործակցութեան եզրեր ունենալ`ամրապնդելով Հայաստան-Շուէտ երկկողմ յարաբերութիւնները:

Տէ, ի հարկէ, Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբը հետամուտ է Շուէտի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը վերջնական հանգրուանի հասցնելու համար: Եթէ անցեալին միայն ճանաչման հարցը կը պահանջէինք, հիմա նաեւ` հատուցման. միայն ճանաչումը բաւական չէ:

Ինչպէս գիտենք, Շուէտի խորհրդարանը հայերու, ասորիներու, հրեաներու, քաղկեդոնացիներու նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած մարդատեաց վայրագութիւնները 2010 թուականին որպէս Ցեղասպանութիւն ընդունեց: Սակայն կառավարութիւնը չշարժեցաւ տեղէն, որուն պատճառով մենք բողոքեցինք: Քանի որ այդ ժամանակ Շուէտի Հայ դատի ներկայիս յանձնախումբը գոյութիւն չունէր, Շուէտի մէջ գործող ազգային, համայնքային կառոյցներուն հետ պայքարեցանք:

Ըստ Շուէտի Սահմանադրութեան` երբ հարցը արտաքին յարաբերութիւններուն կը վերաբերի, կառավարութիւնը ազատ է իր որոշումներուն մէջ: 2016 թուականին մենք աշխատանքներ տարինք, որ կառավարութիւնը ոչ միայն ընդունի, այլեւ` իրագործման անցնի` տարբեր ուղղութիւններով մեծածաւալ աշխատանքներ կատարելով: Օրինակ` խթանէ, որ Շուէտի մէջ Ցեղասպանութիւնը որպէս առարկայ դասաւանդուի եւ բազմաբնոյթ այլ հարցեր: Այս առնչութեամբ համագործակցեցանք Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի հետ:

2015 թուականի վերջը, երբ Շուէտի մէջ նոր խորհրդարան եւ կառավարութիւն ձեւաւորուեցաւ, ատիկա անցաւ Սոցիալ-դեմոկրատներու եւ «կանաչներու» դաշնութեան, որոնք 2010 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին խորհրդարանին մէջ կողմ քուէարկեցին:

Սոցիալ-դեմոկրատները, որոնք կառավարութեան դաշնութեան գլխաւոր կուսակցութիւնն են, իրենց ընտրարշաւի ծրագիրին մէջ յայտարարած էին, որ ընտրուելու պարագային խորհրդարանի ընդունած ցեղասպանութեան բանաձեւը կառավարութիւն կը բերեն:

Սակայն ընտրուելէ յետոյ հասկցանք, որ կը խուսափին խոստումը կատարելէ: Մեր եւ միւս կազմակերպութիւններու պնդումներուն հետեւանքով` Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ յանձնախումբ պիտի ստեղծեն` քննելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Ես Հայ դատին կողմէ նամակ գրեցի` մէկ անգամ եւս մատնանշելով, որ կարիք չկայ հարցը կրկին քննելու, որովհետեւ խորհրդարանը արդէն հինգ տարի առաջ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:

Ի պատասխան` մեզի տեղեկացուցին, որ հարցը պէտք է ուսումնասիրել հասարակական-քաղաքական տեսանկիւնէն: Այդ յանձնախումբը ամիսներ յետոյ մեզի ընդհանուր անորոշ զեկոյց մը ներկայացուց, որ որեւէ աղերս չունէր Հայոց ցեղասպանութեան ուղղակի ճանաչման կամ մերժման խնդիրին հետ: Ատկէ յետոյ որոշեցինք հանդիպիլ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարգոտ Վալսթրեոմիի քաղաքական խորհրդատուին:

Անոր ներկայացուցինք Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման հարցով մեր կողմէ կատարուած աշխատանքները: Որպէս տեղեկութիւն` անոր յանձնեցինք հրատարակուած գիրքեր եւ ըսինք, որ կ’ուզենք հանդիպիլ նախարարին հետ: Այժմ պատասխանի կը սպասենք:

Նշեմ նաեւ, որ 2017 թուականին գարնան Սոցիալ-դեմոկրատներու ընդհանուր տարեկան ժողովը պիտի ըլլայ, ուր որոշած ենք ներկայացնել մեր պահանջները: Այդ նպատակով արդէն հանդիպում ունեցած ենք անոնց կուսակցութեան քարտուղարի տեղակալին եւ պատգամաւորի մը հետ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ աշխատանքներու համակարգող Հեղինէ Էվինեան:

Հայոց ցեղասպանութեան հարցով աւելցնեմ նաեւ, որ մեր կազմակերպմամբ 2016 թուականին Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ հանդիպումներ ունեցած ենք Շուէտի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դեսպաններուն հետ եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնած` շնորհակալագիրներ յանձնելով անոնց:

–2016 թուականը շրջադարձային, ծանր տարի էր Հայաստանի ու Արցախի համար, եւ ենթադրելի է` Յանձնախումբի գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ: Կը նշէ՞ք, թէ այս ուղղութեամբ ինչ աշխատանքներ կատարուած են:

-Արցախի հարցը միշտ մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է: Տարբեր միջոցներով Շուէտի մէջ եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ կը փորձենք հասանելի դարձնել Արցախի հանդէպ Ատրպէյճանի վարած սանձարձակ քաղաքականութիւնը:

Կառավարութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան այլ մարմիններու բողոքի եւ աչալրջութիւն ցուցաբերելու նամակներ, յայտարարութիւններ յղած ենք` տեղեկացնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է Ատրպէյճանի վրայ ճնշումներ գործադրել, որպէսզի հրաժարի սադրիչ քաղաքականութենէն:

2016 թուականի Փետրուարին Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնին կողմէ հանդիպում մը ունեցած ենք Շուէտ–հայկական բարեկամական միջխորհրդարանական խումբին հետ, որ Շուէտի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններէն կազմուած աշխատանքային խմբակ է: Այս հանդիպումով եւս նպատակ ունէինք ճշմարտութիւնը ըսելու Պաքուի նախայարձակ ճնշումներուն վերաբերեալ`փորձելով իրենց կուսակցութիւններուն միջոցով զսպելու ատրպէյճանական թշնամութիւնը:

Բացի ատկէ, տարբեր առիթներով, յատկապէս` Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ, մենք կրկին յայտարարութիւններով եւ նամակներով դիմեցինք կառավարութեան, որպէսզի միջամտեն` կանխելու եւ թոյլ չտալու նմանօրինակ սադրիչ քայլերը: Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ միասին բողոքի երթեր կազմակերպեցինք, տարաբնոյթ բանակցութիւններ ունեցանք` ի պաշտպանութիւն Արցախի:

Մէկ այլ նախաձեռնութիւն ալ իրականացուցինք, երբ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Սոցիալական, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման յանձնաժողովի նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Սարսանգի ջրամբարի վերաբերեալ զեկոյցի նախագիծը, որուն զեկուցողն էր Պոսնիա եւ Հերցեկովինան ներկայացնող թրքամէտ պատգամաւոր Միլիցա Մարկովիչը: Ան հանդէս եկած էր «Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէն» թեմայով զեկոյցով:

Պատգամաւորը միաժամանակ այնպիսի դիրքորոշում որդեգրած էր, թէ իբր կը դատապարտէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, այլ խօսքով` Արցախի նկատմամբ երկակի խաղի մէջ մտած էր:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերը, նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, սկսան իրենց երկրի խորհրդարանականներուն հետ այս խնդրին շուրջ աշխատանքներ տանիլ` յորդորելով կուլ չերթալ Ատրպէյճանի կողմէ «մատուցուող» խայծին:

Մէկ այլ`“Escalation of violence in Nagorno-Karabakh and the other occupied territories of Azerbaijan” վերտառութեամբ նախագիծի քուէարկութեան աշխատանքին մասնակցեցանք, որն ուղղակի Արցախի դէմ էր եւ ի օգուտ Ատրպէյճանի:

Այս հարցերը միաժամանակ քննարկուեցան, եւ Հայ դատի յանձնախումբերու տարած աշխատանքին շնորհիւ` երկրորդ նախագիծը քուէարկուեցաւ յօգուտ մեզի: Մենք Շուէտի մէջ կապուեցանք ԵԽԽՎ-ի շուէտացի պատգամաւորներուն հետ եւ մեր բացատրութիւններուն շնորհիւ էր, որ բոլորը մեր օգտին քուէարկեցին: Այդ նախագիծի հեղինակը անգլիացի թրքամէտ պատգամաւոր Ռոպերթ Վալթերն էր:

–Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբը ջանքեր կը գործադրէր, որ Ցեղասպանութիւնը Շուէտի մէջ որպէս առարկայ դասաւանդուէր: Ին՞չ հանգրուանի հասած է այս հարցը:

-Այս հարցով երկու ճանապարհ ունինք ընտրելու` կամ խորհրդարանի վաւերացման բանաձեւ ներկայացնել, կամ կառավարութենէն դուրս գործող դպրոցներու կառավարման հիմնարկութեան հետ բանակցիլ: Կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ կը յաջողինք: Այժմ քննարկումներու փուլի մէջ ենք, որպէսզի ցանկալի արդիւնքի հասնելու համար ճիշդ քայլեր օգտագործենք: Մեր վերջնական նպատակն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Շուէտի դպրոցներուն մէջ որպէս պարտադիր առարկայ դասաւանդուի: Այդ նպատակով այն առաջարկի տեսքով կը պատրաստուինք խորհրդարան ներկայացնել:

Ի դէպ, Շուէտի դպրոցներու որոշ դասագիրքերու մէջ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ միւս ազգերու նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութիւններու մասին տեղեկութիւններ զետեղուած են: Այդ էջերը կը կոչուին «Վարդագոյն էջեր», որոնք կը նշանակեն ոչ պարտադիր:

–Կը կարծեմ` Յանձնախումբին եւ, առհասարակ, շուէտահայ համայնքին համար 2016 թուականի կարեւոր ձեռքբերումներէն էր շուէտական դատարանին կողմէ Շուէտ–թրքական ընկերակցութեան փոխնախագահ Պարպարոս Լեյլանիի հայատեաց յայտարարութիւնները որպէս քրէական յանցագործութիւն որակելը: Ինչպէ՞ս հասաք այս կարեւոր յաղթանակին:

-Երբ Պարպարոս Լեյլանին նման վարքագիծ դրսեւորեց, Հայ Դատի Յանձնախումբը, Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնը, բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ տարբեր մարդիկ ոստիկանութիւն դիմեցին` ըսելով, որ անոր պահուածքը սպառնալիք է` ուղղուած հայ ազգին եւ մասնաւորապէս`շուէտահայ համայնքին:

Յիսունէ աւելի ծանուցում ուղարկեցինք դատախազին, որուն հետեւանքով դատ բացուեցաւ: Շուէտի օրէնադրութեան մէջ կէտ մը կայ, ըստ որուն` նման հրապարակային սպառնալիքները ծանր տեսակի քրէական յանցագործութիւն կը համարուին:

Ցաւօք, դատախազը մեղմ պահանջ առաջարկեց դատարանին եւ դատաւորն ալ մեղմ պատիժի որոշում կայացուց: Պարպարոս Լեյլանիի ոտնձգութիւնները, ի հարկէ, քրէական յանցագործութիւն համարեց` պահանջելով երկու տարուան պայմանական ազատազրկման եւ քառասնօրեայ պատժավճարի մեղմ պատիժ:

Մենք դատավարութեան դահլիճին մէջ միայն հանդիսատեսի կարգավիճակով կը գտնուէինք: Ատկէ անմիջապէս յետոյ Շուէտի ռառիօկայաններէն մէկով ասուլիս ունենալով` ըսի, որ այն ծանր յանցագործութիւն կը համարուի, որուն պարագային, ինչպէս կը թելադրէ Շուէտի օրէնսդրութիւնը, պատիժը 6 ամիսէն մինչեւ 4 տարի բանտարկութիւն է: Այժմ պիտի փորձենք երկրորդ անգամ դատական կարգով բողոքարկել կամ չընդունիլ դատախազի որոշումը:

Անհրաժեշտութեան պարագային չենք յապաղիր հայ փաստաբանի միջոցով հայկական դատ բանալու: Այս հարցով արդէն համատեղ ժողով ունեցած ենք փաստաբանի եւ Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի հետ:

Հարցը քննած ենք նաեւ Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի վարչութեան մէջ եւ ապագային հաւանական դատի խնդրով շուէտահայ համայնքն իր բոլոր կազմակերպութիւններով պիտի կարենայ մասնակցիլ:

–Պարո՛ն Գաւաֆեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակած է: Միաժամանակ կ’իրականացնէ 2016թ. Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցներուն կողմէ նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը: Ձեր կարծիքով` այս ուղղութեամբ ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կարելի է կեանքի կոչել:

-Տեղեակ եմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այդ նախաձեռնութիւնը կ’իրականացնէ: Իմ կարծիքովս նմանօրինակ շարժումները մեր ազգային շահերէն կը բխին, որոնք հայերու միախմբուած ըլլալն ու հաւաքական ուժը ցոյց կու տան:

Յուսանք` համահայկական շարժումը, իրօք, իր նպատակին կը ծառայէ եւ Սփիւռքէն անհատներ, համայնքային կառոյցները գործուն մասնակցութիւն կ’ունենան ծրագիրի ծիրէն ներս:

Շուէտահայերը միշտ Արցախի կողքին են: Ապրիլեան դէպքերէն յետոյ համայնքը շատ արագ համախմբուեցաւ` դրամահաւաք կազմակերպելով Արցախին օգնելու համար: Այդ օրերուն Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնին, Շուէտի մէջ Հայ եկեղեցիներու խորհուրդներուն եւ ՀՀ դեսպանատան հետ ընդգրկուն աշխատանքներ իրականացուց:

Առհասարակ, բարձր կը գնահատեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնները: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման ուղղութեամբ տարուող ջանքերը դրուատանքի արժանի են:

2015 թուականին Շուէտ կատարած այցելութեան ժամանակ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ: Անոր ներկայացուցինք մեր կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիրները եւ յետագայ համագործակցութեան ուղիները որոնելու նպատակով շահաւէտ քննարկումներ ծաւալեցինք: Մէկ այլ հանդիպում նախարարին հետ ես ունեցայ 2016 թուականի ամրան, երբ Հայաստանի մէջ կը գտնուէի:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջարկով նաեւ 2016 թուականին Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի վարչութեան, դեսպանատան հետ միասին հեռաժողով կայացաւ, որուն ընթացքին ի թիւս այլ հարցերու` պայմանաւորուեցանք աշխուժացնել համայնքի մասնակցութիւնը նախարարութեան կողմէ իրականացուող ամառնային ծրագիրներուն:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի