Հայ Դատի «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» Ծրագիրի Դիմումներուն Պայմանաժամը՝ Ապրիլ 1

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ կրնան դիմումներ ներկայացնել՝ մասնակցելու համար յառաջիկայ աշնան կայանալիք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տնօրինած եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան՝ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին, որ աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն երեք ամսուան ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ՝ այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերուն եւ հանդիպումներուն կողքին:

Սեպտեմբերին սկսելիք ծրագիրին դիմումնագիրներու պայմանաժամը Ապրիլ 1ն է:

Դիմումնագիրները տրամադրելի են anca.org/gateway կայքէջէն:

Ծրագիրին՝ անցեալ տարի բացուած նոր կեդրոնը՝ «Արամեան Տուն»ը, կարելիութիւն ստեղծած է աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ընդունելու:

«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի նախկին մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ այլ արհեստավարժներ կը մասնակցին ծրագիրի նոր մասնակիցներու խորհրդատուութեանց ճիգին, որպէսզի անոնք կարենան հանրային քաղաքականութեան մարզէն ներս աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ այն համալսարանական ուսանողներուն, որոնք հետաքրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով:

«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին, շնորհիւ Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկին կատարած նուիրատուութեան։ Աւելի ուշ, ծրագիրը կոչուեցաւ անունովը երիտասարդ հանգուցեալ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը հետեւանքով մահացած է: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով, վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է սոյն ծրագիրին: Ծրագիրին յատկանշական օժանդակութիւններ տրամադրած են նաեւ Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ՝ տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեանները, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնը, իսկ «Արամեան Տուն»ը իրականութիւն դարձաւ՝ շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքին նուէրին: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքէն Արամեան քոյրերը՝ Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներով հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, միաժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներուն: