«­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը» նիւ­թով ձեռ­նարկ

(ԱԶԱՏ ՕՐ, 14 Դեկտեմբեր 2016) Մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ու ներ­կա­նե­րու լայն բազ­մու­թեամբ՝ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին հան­դի­սաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հինգշաբթի՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ձեռ­նարկ մը՝ «­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը» նիւ­թով։

­Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ­Ճա­նաչ­ման ­Ցանց»ի կող­մէ, որ կազ­մո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան ­Միու­թեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Գաղ­թա­կան­նե­րու ­Միու­թեան, Ա­սո­րի­նե­րու ­Յու­նաս­տա­նի ­Միու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ եւ ո­րուն նպա­տակն է աշ­խա­տանք տա­նիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

­Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը հան­դէս ե­կաւ ­Ցան­ցի հա­մադ­րիչ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Ան­տո­նիս ­Փաւ­լի­տիս, որ անդ­րա­դար­ձաւ այն պատ­ճառ­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղե­ցին մաս­նա­կից միու­թիւն­նե­րը՝ դի­մե­լու ­Ցանց կազ­մե­լու հար­կադ­րան­քին, ու նշեց ա­նոր ռազ­մա­վա­րա­կան հե­ռան­կար­նե­րը։

Ա­պա՝ ներ­կայ հան­րու­թեան ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղե­ցին մաս­նակ­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով՝ ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ընկ. Ար­թօ ­Շեմ­մաս։ Ընկ. ­Շեմ­մաս անդ­րա­դար­ձաւ ­Լեմ­քի­նի կեն­սագ­րու­թեան ու անձ­նա­ւո­րու­թեան ու նշեց, թէ ­Լեմ­քի­նի տա­րած աշ­խա­տան­քին դրդա­պատ­ճա­ռը հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր։

Ա­պա՝ նիւ­թին շուրջ խօսք ա­ռին Ա­թէն­քի փաս­տա­բան­նե­րու միու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վա­սի­լիս Ա­լեք­սանտ­րիս եւ ռազ­մա­վա­րա­կան խորհր­դա­տու պրն. ­Նի­քոս ­Լի­ղե­րոս, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան ­Ռա­ֆաէլ ­Լեմ­քի­նի ու­նե­ցած նա­խա­ձեռ­նու­թեան, ո­րուն ար­դիւն­քով Մ.Ա.Կ.ը 1948ին որ­դեգ­րեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց դէմ իր Հռ­չա­կա­գի­րը։

­Բա­նա­խօս­նե­րը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան զա­նա­զան օ­րի­նա­կան հար­ցե­րու շուրջ, ո­րոնք կը բխին այս Հռ­չա­կագ­րէն որ­պէս հե­տե­ւանք, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Լեմ­քի­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան անդ­րա­դար­ձին շուրջ, մարդ­կու­թեան ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ։

­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեամբ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ գիր մը, ուր կը ներ­կա­յա­ցո­ւի դի­մում, որ­պէս­զի ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը քո­ւէար­կէ օ­րէնք, ուր կը ճանչ­ցո­ւի ­Դեկ­տեմ­բեր 9ը որ­պէս «­Յար­գան­քի օր՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց զո­հե­րու հան­դէպ»։

­Յա­ջորդ օ­րը, Ուր­բաթ՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ճա­նաչ­ման ­Ցանց»ի հին­գան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, կազ­մո­ւած ­Ցան­ցի մաս­նակ­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, հան­դի­պե­ցաւ ե­րես­փո­խան Ա­լեք­սանտ­րոս Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տի­սի հետ ու ա­նոր յանձ­նեց ե­լոյ­թէն յա­ռաջ ե­կած գի­րը։

Ե­րես­փո­խա­նը խոս­տա­ցաւ զայն յանձ­նել խորհր­դա­րա­նը կազ­մող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու նկա­տո­ղու­թեան, որ­պէս­զի յա­ջոր­դող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ան քննու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նայ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի նիս­տի ըն­թաց­քին։

Լուսանկար – Արթօ Շեմմաս՝ ողջոյնի խօսքը ուղղած ժամանակ