Արցախի ի նպաստ յունահայութեան դրամահաւաքին գումարը փոխանցուած է Արցախի պաշտպանութեան նպատակին

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին գտնո­ւե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով, ­Կի­րա­կի՝ 22 ­Մա­յիս 2016ին, ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պեց ­Ֆո­նե­թոն-դրա­մա­հա­ւաք, իր գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար Ար­ցա­խի օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան ար­շա­ւին:

­Հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեամբ կա­տա­րո­ւած այս աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քով, ինչ­պէս օ­րին ալ տեղեակ պա­հե­ցինք մեր հան­րու­թեան, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ խոս­տա­ցո­ւած էր 63.840 Եւ­րօ գու­մար:

­Ֆո­նե­թո­նէն գո­յա­ցած գու­մա­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւնն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ անց­նող ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, յանձ­նա­խում­բը կա­տա­րեց անհ­րա­ժեշտ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ՝ ան­մի­ջա­կան կապ հաս­տա­տե­լով Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնց ցուց­մուն­քով՝ մե­զի թե­լադ­րո­ւե­ցաւ հան­գա­նա­կո­ւած գու­մա­րը փո­խան­ցել «­Հա­յաս­տան» ­Ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին, ո­րուն նպա­տակն է հո­գալ Ար­ցա­խի կա­րիք­նե­րը:

Ն­կա­տի ա­ռած զա­նա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կա­պակ­ցո­ւած են ­Յու­նաս­տա­նի դրա­մատ­նա­յին վեր­ջին շրջա­նի խիստ օ­րէնք­նե­րուն, մա­նա­ւանդ դրա­մագ­լուխ­նե­րու փո­խա­նակ­ման առն­չու­թեամբ, այ­սօր յանձ­նա­խումբս ար­դէն ի վի­ճա­կի է ու­րա­խու­թեամբ յայ­տա­րա­րե­լու, թէ յաղ­թա­հա­րե­լով դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը՝ խոս­տա­ցուած ընդ­հա­նուր գու­մա­րէն փո­խան­ցած է մին­չեւ այ­սօր գան­ձո­ւած 60.185 Եւ­րօ գու­մա­րը ­Հիմ­նադ­րա­մին:
­Խոս­տա­ցո­ւած մնա­ցեալ գու­մա­րը, ո­րուն գանձ­ման ուղ­ղու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տանք տա­նիլ յանձ­նա­խում­բը, պի­տի տրա­մադրո­ւի ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի Ար­ցա­խի ծրա­գիր­նե­րուն:

Կր­կին ան­գամ կ­՚ու­զենք մեր ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նել բո­լոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին այս ազ­գա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քին ի­րենց բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ, ու հա­ւաս­տիաց­նել՝ թէ ­Հայ­րե­նի­քի, Ար­ցա­խի ու Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն հան­դի­սա­նալ ան­սա­կարկ պաշտ­պան­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի, հաս­տատ ու վճռա­կան կեր­պով ծա­ռա­յե­լով Ամ­բող­ջա­կան ­Հայ­րե­նի­քի ի­տէա­լին:

Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­Ֆոն­տի յանձ­նա­խումբ