«Սր­տա­բուխ օգ­նու­թիւն մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խին»

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը փա­փա­քի իր խո­րին շնորհակա­լու­թիւ­նը եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը յայտ­նել ­Փե­րուզ եւ Անդ­րա­նիկ Եոլ­ճեան­նե­րու կա­տա­րած 15.000 եւ­րո­յի ազ­նիւ ու սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան հա­մար, Ար­ցա­խի որ­բե­րուն ու ա­նոնց ի նպաստ կա­տա­րո­ւե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն առ ի մաս­նակ­ցու­թիւն:
­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ւաս­տիաց­նէ, թէ այս գու­մա­րը ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի սոյն նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լու գոր­ծին:
Ս­տո­րեւ՝ կը հրա­տա­րա­կենք Եոլ­ճեան ­Փե­րուզի եւ Անդ­րա­նի­կի նա­մա­կը, ուր անոնք կ­՛ար­տա­յայ­տուին այս նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան դի­մե­լու ի­րենց դրդապատճառնե­րուն մա­սին:

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ

Սր­տա­բուխ օգ­նու­թիւն մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խին

­Մենք՝ ստո­րագ­րեալ­ներս, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով մեր ծնող­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տա­կին, այս գի­րով կու գանք յայտ­նե­լու, թէ ո­րո­շած ենք մեր կեան­քի ըն­թաց­քին հա­ւա­քո­ւած սե­փա­կան խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րէն կա­րե­ւոր մաս մըն ալ յատ­կաց­նել մեր սի­րե­լի Ար­ցա­խի հա­յե­րուն: Ան­շուշտ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ մեր նպաս­տը կը բե­րենք Ար­ցա­խին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի կամ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Ֆո­նե­թոն»ի ճամ­բով, ինչ­պէս նաեւ՝ գա­ղու­թիս հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն: Այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ մե­զի հա­մար, որ­պէս սփիւռ­քի մէջ ծնած հա­մեստ հա­յոր­դի­ներ, Ար­ցա­խը կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի գոյու­թեան եւ պահ­պան­ման հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան: ­Մեր մտքե­րուն մէջ տա­կա­ւին շատ թարմ է, թէ ի՜նչ ծանր պա­հե­րէ ան­ցաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը եւ, հա­կա­ռակ ա­նոր, միշտ կառ­չած մնաց իր սե­փա­կան պատ­մու­թեան փոր­ձի­ն եւ, գրաւ դնե­լով իր հե­րո­սա­կան ու անձ­նո­ւէր որ­դի­նե­րուն նո­ւի­րա­կան մար­տու­նա­կու­թեան վրայ, ան­գամ մը եւս յա­ջո­ղե­ցաւ ետ մղել թշնա­մին. բնա­կա­նա­բար բազ­մա­թիւ նա­հա­տակ­ներ ալ ու­նե­ցաւ:
Առ այդ՝ յատ­կա­պէս մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րու՝ ­Սի­մոն եւ ­Մե­լի­նէ Եոլ­ճեան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Եոլ­ճեան եւ ­Խուր­տա­ճեան գեր­դաս­տան­նե­րու բո­լոր ննջե­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կին, թէ՛ պատ­կեր­նե­րով եւ թէ վի­տիո­յով տես­նե­լէ եւ լսե­լէ ետք յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան Սրբա­զա­նի պատ­մու­թիւն­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ճամ­բով՝ այս տա­րո­ւան «­Խա­ծի­քի­րիա­քօ» եւ «­Սի­րոս» ­կղ­զի հիւ­րըն­կա­լո­ւած Ապ­րի­լեան չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մի քա­ջա­րի հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն մա­սին, միւս կող­մէ քաջ գնա­հա­տե­լով վեր­ջին քսան տա­րո­ւան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կա­տա­րած նուիրա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան այս մեծ գոր­ծը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րա­րու­թեան, ո­րո­շե­ցինք 15.000 եւ­րո­յի նուիրատուութիւն մը մա­տու­ցել մեր սի­րե­լի Ար­ցա­խի որ­բե­րուն եւ ա­նոնց ի նպաստ կատարուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն:
­Վեր­ջա­պէս, թոյլ տո­ւէք ձեզ կրկին ան­գամ ող­ջու­նե­լու Ար­ցա­խի մեր սի­րե­լի քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ՝ հա­ւա­տա­լով, որ այս փոքր նո­ւի­րա­տու­ութիւ­նը ո­չինչ է այն նուիրա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րուն դի­մաց, որ դուք ա­մէն օր կը կա­տա­րէք, ի փառս ­Հայու­թեան եւ յա­նուն Ար­ցա­խի պահ­պան­ման:

­Կեց­ցե՛ն Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յե­րը:

Մնամք ձեր՝
Քոյր եւ Եղբայր
Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններ